2018-01-30 09:07:00

Քապուլի մէջ զօրանոց մը ենթարկուեցաւ յարձակումի


Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ զինեալներ յարձակում գործեցին զինուորական ակադեմիայի մը մօտ գտնուող բանակի զօրանոցի մը դէմ:

Երկրի պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, որ յարձակումին պատճառով սպաննուած են 2 զինուորներ եւ 10 ուրիշներ վիրաւորուած են: Յարձակումին մասնակից 5 զինեալներէն 3-ը սպաննուած են:

Յարձակումին պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ-ը:

Տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 5:00-ին լսուեցան շարք մը պայթումներ եւ կրակոցներ:

Աֆղանիստանի նախագահի բանբերը յայտնեց, որ զինեալներէն ոչ մէկը յաջողած է զօրանոցի առաջին դարպասէն անդին յառաջանալ:

Քանի մը օր առաջ ականուած հիւանդատար մեքենայի մը պայթումը Քապուլի մէջ շուրջ 100 զոհ պատճառած էր:

Զօրանոցին կողքին գտնուող Մարշալ Ֆահիմ պաշտպանութեան ազգային համալսարանը հոկտեմբեր 2017-ին յարձակումի ենթարկուած էր Թալեպան շարժումին կողմէ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.