2018-01-30 09:50:00

Քահանայապետին նամակը՝ Ափրիկեան Միութիւն– ՖԱՕ վեհաժողովի մասնակիցներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ատիս Ապէպայի մէջ կայացած Ափրիկեան Միութիւն-ՖԱՕ վեհաժողովի մասնակիցներուն Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող մէկ նամակի մը մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ վերյիշելով ՄԱԼԱՊՕ-ի յայտարարութիւնը, գնահատանք կը յայտնէ անոր հիման վրայ իրագործուած յառաջդիմութիւններուն, յատկապէս Ափրիկեան ցամաքամասի մէջ գիւղատնտեսութեան զարգացումին  համար առնուած քայլերուն ու այս առընչութեամբ կը պահանջէ միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը, դիտել տալով թէ Ափրիկեան ցամաքամասի մէջ անօթութեան վերացումը մինչեւ 2025, կախեալ է՝ ի մէջ այլոց, կլիմայական փոփոխութիւններէն ու անոր գիւղատնտեսութեան վրայ ունեցած հետեւանքներէն, ինչպէս նաեւ ցամաքամասի մէջ տեղի ունեցող եւ անկայունութիւն յառաջացնող հակամարտութիւններէն։

«Ափրիկէի իրավիճակը միշտ աւելիով պահանջը ունի վերանորոգուած ջանքերու ու աւելի լայնածաւալ համագործակցութեան, յարգերու համար ամէն անհատի արժանապատուութիւնը» կը գրէ Սրբազան Պապը վերակոչելով հաւասար արդարութեան սկզբունքները՝ իրականացնելու համար Ափրիկեան Միութեան կողմէ ձեռնարկած ծրագիրները։

«Անօթութենէն տառապող անձերը այլեւս չեն կրնար սպասել» կը հաստատէ Քահանայապետը ու կոչ կ՛ուղղէ վերադառնալու ՄԱԼԱՊՕ-ի յայտարարութեան, որուն հիման վրայ իրագործուեցան կարեւոր քայլեր՝ անօթութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս։

Նամակին մէջ Սրբազան Պապը կը մէջբերէ նաեւ խօսքերը զոր արտասանած էր ՖԱՕ-ի մէջ 16 հոկտեմբեր 2017-ին «անհրաժեշտ է բոլոր մակարդակներու վրայ լայնածաւալ ու անկեղծ երկխօսութիւն մը, որպէսզի ի յայտ դրուին աւելի լաւ լուծումներ ու միջազգային գետնի վրայ դերակատարներու միջեւ  կայանայ աւելի հասուն ու նոր յարաբերութիւն մը՝ հիմնուած փոխադարձ պատասխանատուութեան, զօրակցութեան ու հաղորդութեան վրայ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.