2018-01-30 09:15:00

Թրքական ուժերը կը քանդեն Աֆրինի հարաւային շրջանի պատմական Արամէական մեհեանները


Կիրակի, 28 Յունուար 2018-ին, թրքական ուժերը հրթիռակոծած է Աֆրինի Այն Տարա հնագիտական շրջանը, որ աւելի քան 6300 տարուան պատմութիւն ունի։ Այս մասին, ըստ «Գանձասարի»-ի, հաղորդած է սուրիական  «Ալ Հաքիքասսուրիէ» կայքէջը։

Թրքական ուժերը այս արարքով կը նպատակադրեն ոչնչացնել Սուրիոյ ժողովուրդին պատմական ներկայութեան հետքերը։

Այն Տարայի պատմական մեհեանը, որ իւրայատուկ հնագիտական հարստութիւն մըն է, իր ամբողջութեան մէջ 10.000 տարուան պատմութիւն ունի, իսկ Մեհեանին մէջ տեղադրուած արձանները՝ աւելի քան 3000 տարուան։

1086-ին սելճուք թուրքերը Սուրիոյ հիւսիսային շրջան թափանցելով հրկիզած են Այն Տարա հնագիտական շրջանը։ Այսօր, շուրջ 1000 տարի վերջ, անոնք իրենց նախահայրերուն բարբարոսութիւնները կը կրկնեն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.