2018-01-30 09:11:00

Ատենի մէջ բախումները կը շարունակուին


Երէկ Ատենի մէջ նախագահ Ապըտռապպօ Մանսուր Հատիի սէուտական աջակցութիւն վայելող ուժերուն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութիւնը վայելող Հարաւային փոխանցման խորհուրդի ուժերուն միջեւ բախումները վերսկսան քաղաքի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Սաուլապան շրջանին մէջ մասնայատուկ ուժերու զօրանոցի մերձակայքը: Կիրակի օր տեղի ունեցած բուռն բախումներէն ետք, երէկ արշալոյսին նախագահ Հատիի կառավարութեան կողմէ իբրեւ ժամանակաւոր մայրաքաղաք օգտագործուող քաղաքին մէջ կը տիրէր զգուշաւոր հանդարտութիւն:

Եմէնեան օդանաւային ընկերութենէն աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ քաղաքին մէջ տիրող լարուածութեան պատճառով Ատեն մայրաքաղաքին գործունէութիւնը դադրեցուած է:

Հարաւային փոխանցման խորհուրդի ազգային միութեան նախագահ Ահմետ պըն Եազպեք յայտարարեց, որ նախագահական պահակագունդի զօրանոցներուն մէջ ձերբակալուած են Քայիտայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի 200 անդամներ:

Եմէնեան հարաւային շարժումի երիտասարդական թեւի նախագահ Ֆատի Պահում «Մայատին»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ատենի իրադարձութիւնները առնչուած են Սուքաթրա կղզիին եւ այլ հարցերու շուրջ նախագահ Հատիի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ պայքարին:








All the contents on this site are copyrighted ©.