2018-01-29 12:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին «Veritatis gaudium» առաքելական սահմանադրութեան ներկայացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 29 Յունուար 2018-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Եկեղեցական համալսարաններու հայող «Veritatis gaudium» առաքելական սահմանադրութիւնը, որուն ներկայացումը տեղի ունեցաւ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի սրահին մէջ, Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի նախագահ՝ Կարդինալ Ճուզեփփէ Վերասալտիի, Ժողովի քարտուղար՝ գերապայծառ Ճուզեփփէ Զանիի եւ աստուածաբանական միջազգային յանձնախումբի անդամ՝ գերապայծառ Փիերօ Քոտայի ներկայացուցած զեկոյցներով։

Վերոնշեալ սահմանադրութեան նախաբանին մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ այն է ուրախութեամբ  վկայել եւ հռչակել Յիսուսի փրկարար աւետիսն  ու Աւետարանին ճշմարտութիւնը, նշեց թէ սոյն առաքելութեան կը մասնակցի նաեւ  եկեղեցական ուսումներու ընդարձակ ու բազմատեսակ համակարգը, որ դարերու հոլովոյթին ծաղկեցաւ Աստուծոյ Ժողովուրդի իմաստութեամբ, Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ ու զանազան մշակոյթներու հետ երկխօսութեամբ ու ժամանակներու նշաններու զատորոշումով։

Ակնարկելով ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կամքով ՝ 15 ապրիլ 1979-ին հրապարակուած եկեղեցական համալսարաններուն հայող  «Sapientia christiana» առաքելական սահմանադրութեան ու այս ծիրէն ներս այլ քահանայապետերու հրապարակած յորդորներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ  նշեց թէ քառասուն տարիներ ետք այս սահմանադրութիւնը՝ մնալով միշտ  հիմնաքար մը, իր մարգարէական տեսլականով, կարիքը ունի վերատեսումի, նոր սլացք տալու համար եկեղեցական ուսմունքներուն, ու  հաստատեց թէ «այս կը պահանջէ, զատորոշումի, բիւրեղացումի ու բարեկարգումի գործընթաց» որուն ծիրէն ներս հարկաւոր է նաեւ վերանորոգել եկեղեցական ուսմունքներու համակարգը, որոնք ոչ միայն կանչուած են ըլլալու որակաւոր կազմաւորումի վայրեր եւ  ուղիներ այլ կազմելու են  մշակութային նախախնամական արհեստագործարան մը, որ  ծառայէ դէպի դուրս Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Իսկական մշակութային յեղափոխութիւն մը՝ որով եկեղեցական համալսարանները կանչուած են իրենց սատարը տալու՝ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանի լոյսին, աղին ու թթխմորին ու Եկեղեցւոյ ողջ աւանդութիւններուն, որոնք միշտ բաց են նոր առաջարկներու։

Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս Պապ կը ներկայացնէ չորս չափանիշեր, առաջինը՝ «kerygma»ի, այսինքն Աւետարաննի Քրիստոնէական աւետիսին սիրտը կազմող՝ Յիսուսի մահուան ու Յարութեան հռչակումին հոգեւոր, մտային ու գոյութենական հայեցողութիւնն ու ներդրումը, ապա  «բաց երկխօսութիւնը» հուսկ միջ-դաստիարակչական համակարգը՝ այսինքն գիտելիքներու միասնութիւնը, անոնց բազմատեսակ ու զուգամերձ արտայայտութիւններու յարգանքով ու զանազանութեամբ, մինչ չորրորդ չափանիշը այն է «ցանցեր կազմակերպել» աշխարհի բոլոր ու տարբեր կառոյցներուն հետ որոնք եկեղեցական ուսմունքներով կը զբաղին։

Այս ծիրէն ներս Քահանայապետը շեշտեց գիտական հետազօտութեան նոր ընթացքի մը կարեւորութիւնը դարաշրջանի մը մէջ որ յատկանշուած է բազմամշակոյթով ու բազմացեղային իրականութեամբ, որոնք կը պահանջեն նոր տեսողութեան մը ընդլայնումը, աւելի լաւ հաղորդելու համար Աւետարանի ճշմարտութիւնը։ 

«Veritatis gaudium» Սահմանադրութիւնը կազմուած է երկու մասերէ որուն առաջինին մէջ կը խօսուի ընդհանուր կանոններու մասին հայող Եկեղեցական հոգեւոր համալսարաններու բնութեան ու անոնց նպատակին, ուր ընդգրկուած են ու շօշափուած են հետեւեալ նիւթերը. ակադեմիական հասարակութիւնները ու զանոնք կառավարող մարմինները, դաստիարակչական կազմը, աշակերտութիւնը,  անձնակազմը, ուսմունքներու կարգաւորումն ու ակադեմիական տիտղոսները, հուսկ տնտեսական հոգաբարձութիւնը եւ մասնաճիւղերու միջեւ համագործակցութիւնը։

Երկրորդ մասին մէջ կը խօսուի զանազան մասնաճիւղերու մասին՝ աստուածաբանական, եկեղեցական իրաւաբանութեան ու փիլիսոփայական եւ այլ մասնաճիւղեր։

«Veritatis gaudium» Սահմանադրութիւնը ի գործ կը դրուի 2018-2019 տարեշրջանէն սկսեալ։ Անոր հիման վրայ հարկաւոր է նաեւ  պատշաճեցնել համալսարաններու կանոնադրութիւնները ու այս կարելի է մինչեւ 2019-ի դեկտեմբեր 8-ն։ Այդ կանոնադրութիւնները ապա պէտք է ներկայացուին Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովին՝ որուն կ՛իյնայ անոնց վաւերացումի աշխատանքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.