2018-01-29 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ բացումը կատարեց առաքելական ատեանի նոր տարեշրջանին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 29 Յունուարի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց առաքելական  Ատեանի դատաւորներն ու աշխատակազմը, Վատիկանի Ատեանի դատական տարեշրջանի սկիզբին առիթով։ 

Դատաւորներուն եւ ատեանի աշխատակիցներուն ուղղուած իր զեկոյցին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լայնօրէն անդրադարձաւ խղճի կարեւորութեան, նկատելով թէ ատեանի մէջ գործողները պէտք է աւելի նուրբ խղճմտանքով մօտենան խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ պէտք է Եկեղեցին աւելի ճիգ թափէ կերտելու ամուսնացեալներու խիղճը։

Դատաւորներու գործունէութիւնը կ՛արտայայտուի իբր ծառայութիւն խաղաղութեան եւ խղճի, հետեւաբար կը պահանջուի, որ ան մատուցուի ամբողջ խղճով, ինչպէս կ՛արտայայտէ ատենական վճիռներու բանաձեւը՝ «խղճամիտ քննարկումով»։

Ս. Պսակի վաւերականութիւնը եւ կամ անվաւերութիւնը հռչակելու ժամանակ դատաւորները որոշ իմաստով կը ներկայանան իբր քրիստոնեայ հաւատացեալներու խիղճը։ Այդ դերին մէջ, անոնք պէտք է անդադար կերպով խնդրեն աստուածային օգնութիւնը, որպէս զի կարենան խոնարհութեամբ տանիլ այն ծանր պարտականութիւնը, որ Եկեղեցին վստահած է իրենց, ցոյց տալով կապը բարոյական ապահովութեան, որուն դատաւորը պէտք է հասնի հիմնուած փաստաթուղթերու վրայ, եւ խղճի միջեւ՝ որ յայտնի է միայն Սուրբ Հոգւոյն։

Սրբազան Պապը ապա յիշեց Ընտանիքին հայող Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսները, ուր սիւնհոդոսական հայրերուն համար խիղճը շատ կարեւոր նկատուած էր, եւ որուն արձագանգը կը տեսնենք յետսիւնհոդոսական «Amoris laetitia» առաքելական յորդորին մէջ։

Խիղճը վճռական դեր մը ունի նշանուած զոյգի մը կայացուցած որոշումներուն մէջ։ Ասոր համար Եկեղեցին հրաւէր կարդացած է այն անհատներուն, որոնք ամուսնութեան եւ ընտանիքի հովուականէն ներս կը գործեն, որպէսզի անոնք նոր գիտակցութեամբ մը իրենց օգնութիւնը մատուցանեն զոյգերուն, որպէսզի անոնք կարենան կազմաւորել եւ պահպանել իրենց քրիստոնէական խղճի մտերմիկ սրբարանը։

Այս հարցի հետ կապուած, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ սիւնհոդոսի աւարտին իր հրապարակած երկու ինքնաբուխ գիրերուն։ Ան նկատեց, թէ հաւատքի սկզբունքներուն եւ Եկեղեցւոյ ուսուցման հաւատարիմ պէտք է մնալ, միաժամանակ ուշադրութեամբ հետեւիլ բոլոր այն անհատներու հոգեբանական եւ կրօնական ընթացքին, որոնք կոչուած են ընտանիք կազմելու։

Ասոր համար ան անցեալին շեշտած էր ամուսնութեան դաստիարակութեան պարտականութեան վրայ, որ պէտք է ըլլայ Եկեղեցւոյ եւ անոր հովիւներուն անդադրուն «հոգ հոգւոցը»։ Սակայն, կը նկատէ Սրբազան Հայրը, թէ խղճին հոգ տանիլը միայն հովիւներու պարտականութիւնը չէ, այլ նաեւ բոլոր պաշտօնեաներուն եւ մկրտուածներու առաքելութիւնը։

Յիշելով Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետի խօսքերը, Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, թէ պէտք է խուսափիլ հակոտնեայ ծայրայեղութիւններէ, ըլլան անոնք կառչած աւանդութեան, եւ կամ անոնք՝ որոնք կʼուզեն արմատախիլ ընել եկեղեցւոյ վարդապետութեան սկզբունքը։

Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ «Հաւատքը լոյս է եւ կը լուսաւորէ ոչ միայն ներկան, ալ նաեւ ապագան – ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան ապագան են։ Հարկաւոր է քաջալերել մնայուն դաստիարակութեան վիճակ մը, որպէսզի մկրտեալներու խիղճը բաց ըլլայ Սուրբ Հոգիի լոյսին։»

Վերջապէս ան կոչ ուղղեց դատաւորներուն, որ արդարութեան հետապնդումը չսահմանափակուի պարզապէս դիւանակալային կատարողութեան մը մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.