(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի՝ 28 յունուարի առաւօտեան 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Տիրամօր նուիրուած «Սանթա Մարիա Մաճճորէ» պազիլիքային մէջ , առաջին անգամն ըլլալով գլխաւորեց «Սալուս Փոփուլի Ռոմանի» սրբապատկերին փոխադրումի տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը։
Արդարեւ ամէն տարի, Յունուար ամսուայ վերջին կիրակին, կը տօնախմբուի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի – Հռոմի ժողովուրդին փրկութիւն - Տիրամօր սրբապատկերին փոխադրումի տօնը, որ կ՛ուզէ հանդիսանալ հաւաքական գոհաբանական աղօթք՝ այդ սրբապատկերին պարգեւին համար։
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ «այստեղ կը գտնուինք մեր Մօր ներկայութեամբ որպէս զաւակներ, այս Մայրական տունը նկատով մեր տունը, ուր կը գտնենք ապաքինում, մխիթարութիւն, պաշտպանութիւն ու ապաստան։
«Քրիստոնեայ ժողովուրդը ի սկզբանէ հասկցաւ թէ դժուարութիւններու ընթացքին պէտք է միշտ դիմել Մարիամին՝ մեր Մօր» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով Մարեմեան ամենահին տաղերէն հետեւեալ բառերը «Քու պաշտպանութեան ներքոյ ապաստան կը գտնենք, Աստուծոյ Սուրբ Մայր. Մի անտեսեր աղերսներն մեր որ կը գտնուինք դժուարութեան մէջ, այլ մեզ ազատէ ամէն պատուհասէ ով Կոյս փառաւորեալ եւ օրհնեալ»։
Այս տաղէն մեկնելով Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց այդ խօսքերը։
«Ապաստան փնտռել». Ժամանակին շատ մը հալածուած կամ կարիքաւոր անձեր ապաստան կը փնտռէին ազնուական բարձրաստիճան կանանց մօտ, որոնց վերարկուները լայն էին եւ ոչ մէկը կարող էր մօտենալ անոնց։ Այսպէս է նաեւ մեզի համար՝ Մարիամի նկատմամբ. Մարդկութեան ամենաբարձր ու ազնուական կինը -ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով թէ «Անոր վերարկուն միշտ բաց է մեզ ընկալելու համար», ինչպէս մեզի կը յիշեցնեն արեւելքի քրիստոնեաները որոնք կը տօնախմբեն Աստուածամօր պաշտպանութեան տօնը»։
«Մեր Մայրը կը պահպանէ հաւատքը, յարաբերութիւնները ու մեզ հեռու կը պահէ չարէն, որովհետեւ այնտեղ ուր Տիրամայրը ներկայ է տեղ չի կայ սատանային» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու շարունակելով տաղին մեկնաբանութիւնը անդրադարձաւ ալ հատուածի մը «մի անտեսեր մեր աղերսները»։
«Մարիամ արդարեւ մեզի համար կը բարեխօսէ ամէն անգամ որ Անոր դիմենք» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Կանայի Հարսանիքին, երբ Տիրամայրը իմանալով որ գինին վերջացած է դիմեց իր որդւոյն։ Ան արդարեւ նոյնը կ՛ընէ ամէն անգամ որ մեզի կը պակսի յոյսը, երբ ուրախութիւնը կը նսեմանայ, երբ ուժերը կը պակսին ու երբ կեանքի աստղին լոյսը կը խաւարի։ Ու եթէ Անոր աղերսենք Ան աւելիով կը միջամտէ, որովհետեւ որպէս Մայր ուշադիր է կեանքի փոթորիկներուն ու մօտիկ է մեր սրտին։ Ան երբեք մեր աղօթքները չի անտեսեր։ Միշտ պատրաստ է օգնութեան հասնելու իր զաւակներուն՝ իր վրան առնելով անոնց ցաւերը - ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ակնարկեց «Մեզ ազատէ ամէն փորձանքէ» խօսքին հաստատելով թէ «նոյնինք Տէրը՝ խաչին վրայ, իր սիրելի աշակերտին ու իր բոլոր աշակերտներուն ըսաւ «Ահա քու մայրդ»։ Մայրը՝ Քրիստոսի կտակն ու մենք անոր կարիքը ունինք որովհետեւ առանց մօր մենք չենք կրնար զաւակներ ըլլալ։ Մարիամ արդարեւ, Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի ուսուցման հիման վրայ, նշան է յոյսի եւ մխիթարութեան ճանապարհորդութեան մէջ գտնուող Աստուծոյ ժողովուրդին համար ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց «Ան կը պատրաստէ ու կը պաշտպանէ իր զաւակները։ Զանոնք կը սիրէ որպէսզի իրենք եւս սիրեն ու պաշտպանեն աշխարհը։ Թոյլ տանք որ Մայրը մեր ամենօրեայ հիւրը դառնայ, մեր կեանքի մնայուն ներկայութիւնը, մեր ապահով ապաստանը։ Անոր յանձնենք մեր առօրեան ու դժուարութիւններու ընթացքին Անոր դիմենք ու երբեք չի մոռնանք Անոր վերադառնալ շնորհակալութիւն յայտնելու համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հաւատացեալները իրենց հայեացքները ուղղելու Տիրամօր՝ ապա միասնաբար երեք անգամ կրկնել «Աստուծոյ Սուրբ Մայր, Աստուծոյ Սուրբ Մայր, Աստուծոյ Սուրբ Մայր»։
All the contents on this site are copyrighted ©. |