2018-01-27 09:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Հարաւային Քորէայի հիւանդանոցի մէջ հրդեհի պատճառած զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ՝ 26 Յունուարի երեկոյեան՝ Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող մէկ պատգամի մը մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ  իր խոր ցաւը արտայայտեց Հարաւային Քորէայի «Sejong Miryang» հիւանդանոցի մէջ բռնկուած հրդեհի պատճառած մարդկային կորուստներուն համար։

Ցաւակցագիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքները ապահովեցուց զոհերուն եւ վիրաւորներուն եւ  զօրակցութիւնը  յայտնեց բոլոր անոնց որոնք թիրախ են այդ արարքին։ Քահանայապետը ապա քաջալերանք արտայայտեց տեղական իշխանութիւններուն ու փրկարար մարմիններուն որոնք շտապ օգնութիւն մատուցեցին զոհերուն եւ վիրաւորներուն։

Ըստ տեղական լրատուամիջոցներուն հրդեհի հետեւանքով  մահացած են 37 անձեր թէեւ տակաւին անյայտ է հրդեհին ծագման պատճառը որուն համար Հարաւային Քորէայի նախագահը խնդրած է անմիջական հետաքննութիւններ կատարել բացայայտելու համար այդ պատճառները ու կանխելու համար նմանատիպ ողբերգութիւններու կրկնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.