2018-01-27 12:40:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայիթիի հանրապետութեան նախագահը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 27 յունուար 2018-ին, Վատիկանի Առաքելական Պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայիթիի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Ժովենել Մոիզը, որմէ ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ՝ ընկերակցութեամբ Վատիկանի այլ երկիրներու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար գերապայծառ Փոլ Կալլակերին :

Այս մասին յայտնած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով  հաղորդագրութիւն մը՝ որուն մէջ կը տեղեկացնէ , որ  վերոնշեալ հանդիպումները կայացած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որոնց ընթացքին երկու կողմերը գոհունակութեամբ արտայայտուած են Սուրբ Աթոռի եւ Հայիթի միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններուն մասին:

Երկու կողմեր մաղթանք յայտնած են ամրապնդելու  համագործակցութիւնը,  դիմագրաւելու համար ընկերային զանազան հարցեր՝ յատկապէս երիտասարդութեան, աղքատութեան- հայող  հարցեր ,  գնահատելով եկեղեցւոյ  նպաստը՝ դաստիարակչական, առողջապահական ,  եղբայրասիրական գործունէութեան  մարզերէն ներս ՝Հանդիպումը առիթ եղած է քննարկելու նաեւ ազգային եւ տարածաշրջանին հայող կարգ մը հարցեր ։ Յատուկէն անդրադարձ կատարուած է գաղթականութեան հայող հարցերուն եւ շեշտուած է երկխօսութեան կարեւորութիւնը  նպաստելու համար ընկերային համերաշխութեան ու հասարակաց բարիքին :

 








All the contents on this site are copyrighted ©.