2018-01-26 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Քահանայապետական Աստուածաբանական ակադեմիայի անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 26 յունուար 2018ին՝  կէսօրին, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ու յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետական Աստուածաբանական ակադեմիայի մաս կազմող աւելի քան 50 անդամներուն՝  Քահանայապետական Աստուածաբանական Ակադեմիայի հիմնադրութեան երրորդ դարադարձին առիթով,  որ հիմնուած է 23 ապրիլ 1718-ին, Կղեմէս ԺԱ Պապին կամքով: 

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ նորին Սրբութիւնը  ընդհանուր ակնարկ կատարեց  քահանայապետական  Աստուածաբանական ակադեմիայի  պատմութեան նշելով որ ակադեմիան պատմութեան հոլովոյթին ենթարկուած է զանազան կառուցային եւ կազմակերպչական փոփոխութիւններուն ՝ դիմագրաւելու համար  ընկերային եւ եկեղեցական միջավայրերէն  յարուցանուած նոր մարտահրաւէրներուն: Սակայն՝ դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը  Աստուածաբանական  քահանայապետական ակադեմիան՝  իր կրած  բոլոր  փոփոխութիւններէն անդին  միշտ յատկանշուած է  եկեղեցւոյ ծառայութեան  մէջ,  նպատակ ունենալով զարգացնել ու զօրակցիլ Քրիստոսի մէջ յայտնուած Աստուծոյ հաւատքին, միշտ հաւատարիմ գտնուելով եկեղեցւոյ վարդապետութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսեցաւ նաեւ  քահանայապետական ակադեմիայի   այլ  յատկանիշին  մասին որ է  համալսարանական եւ դաստիարակչական  այլ հաստատութիւններուն հետ հաստատած սերտ կապը՝ սկսեալ Հռոմի «Սափիենցա» համալսարանէն՝ մինչեւ Հռոմ քաղաքի այլ քահանայապետական համալսարաններուն հետ-  դիտել տալով որ այս հետեւողական կապերու բերումով , Ակադեմիան  չի նկատուիր որպէս կղզիացած եւ ինքնաբաւ էութիւն այլ թէ այդ մշտական յարաբերութիւններու շնորհիւ ան օգտակար դարձած է իրենց զրուցակիցներուն։ 

Նորին Սրբութիւն քաջալերեց ակադեմիայի անդամները,  իրենց անցեալին նայելով  ընկալել  իրենց իւրայատուկ ինքնութիւնը ՝  որպէսզի  նախաձեռնարկ դառնան ՝ Աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան եւ մարդկային գիտութիւններուն միջեւ հանդիպումին եւ որպէսզի  Աւետարանի բարի սերմերը  արդիւնաբեր ըլլան գիտութեան լայնածաւալ բնագաւառէն ներս:

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Հռոմի եկեղեցական համալսարանական հաստատութիւններու հետ սերտ համագործակցութեան պահանջը՝  Աստուածաբանական ակադեմիայէն կը պահանջէ, որ ան օտարական մը չի դառնայ.  այլ գիտնայ արդիւնաբեր երկխօսութիւն կատարել  իւրաքանչիւր համալսարանական կառոյցի հետ,  նպաստելու  համար՝ հասարակաց, բաժնեկից եւ համակարգուած աշխատանքներուն։  Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը աւարտեց ապահովեցնելով իր աղօթքն ու մօտիկութիւնը բոլորին տալով իր առաքելական օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.