2018-01-26 09:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական հեռագիրը Միլանօ նահանգի մէջ շոգեկառքի արկածի առթիւ:


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ Միլանօ նահանգի մէջ շոգեկառքի արկածի մը պատճառաւ զոհուեցան երեք անձինք ու վիրաւորուած են այլ հարիւր հոգի,  որոնցմէ մի քանիներուն առողջապահական  վիճակը  ծանր է:

Այս տխուր դէպքին ի լուր, Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիերթրօ Փարոլին,  Հինգշաբթի 25 յունուար 2018-ին , յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, ցաւակցական հեռագիր  մը ուղղեց Միլանօ Նահանգի Փիոթելլօ քաղաքին մօտակայքը հինգշաբթի 25 յունուարին պատահած շոգեկառքի  արկածի զոհերուն։

Հեռագիրին մէջ Քահանայապետը իր աղօթքները կ՛ապահովեցնէ զոհուածներու հոգիներուն համար ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորուած ճամբորդներուն անոնց շնորհելով իր  Առաքելական օրհնութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.