2018-01-25 12:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆինլանտայի Լուտերական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 25 յունուար 2018ին՝  առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ  Վատիկանի մէջ ընդունեց Սուրբ Էնրիքոյի տօնին առիթով  Հռոմ ուխտագնացութիւն կատարած  Ֆինլանտայի աւետարանական եկեղեցւոյ պատուիրակութիւն մը:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ սրբազան Հայրը անդրադառնալով քրիստոնեաներու միութեան  աղօթքի շաբթուան,   մեծ ուրախութեամբ յիշեց Վերանորոգում եկեղեցւոյ 500 ամեակի առթիւ անցեալ տարի կայացած  Կաթողիկէ  եւ Լուտերական եկեղեցիներու  միասնական  յիշատակումի արարողութիւնը զայն նկատելով  Յիսուսի Քրիստոսի մէջ Լուտերականներու եւ Կաթողիկէներու միջեւ հաղորդութեան  ամրապնդման առիթ,  որ պիտի շարունակէ մնալ համամիութեան պտղաբեր  հնարաւորութիւն, եւ որ յատկանշուած   է՝ երախտագիտութեան, զղջումի եւ յոյսի բնոյթով:

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ Վերանորոգում եկեղեցւոյ միասնական յիշատակումի  էական մասերուն,  ընդգծելով այդ արարողութեան  համամիութենական աղօթքի ծաւալը  ինչպէս նաեւ  այդ առիթով կայացած հանդիպումները, որոնք տեղի ունեցան տարբեր հոգիով՝  զերծ անցեալի տխուր ստուերէն :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մեծ ուրախութեամբ ու երախտագիտութեամբ անդրադարձաւ պատուիրակութեան կողմէ իրեն յանձնած փաստաթուղթին- որ պատրաստուած է Կաթողիկէ եւ Ֆինլանտայի լուտերական  եկեղեցւոյ  երկխօսութեան յանձնախումբի կողմէ ,   որպէս տիտղոս  ունենալով «Հաղորդութիւնը  աճումի մէջ», այս առընչութեամբ  շեշտելով,  որ երկու եկեղեցիներու համամիութենական ծառայութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ ներկայութիւնը վկայելու մէջ,  որովհետեւ համամիութեան մէջ գլխաւոր հասարակաց մարտահրաւէրը կը նկատուի՝ կարեւորել  Աստուծոյ կեդրոնականութիւնը, ոչ որպէս ոեւէ Աստուած .  այլ Այն Աստուածը,  որ իր շօշափելի դիմագիծը  յայտնեց Յիսուս Նազովրեցի մարդուն մէջ

Նորին Սրբութիւն ապա դիտել  տուաւ, որ քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբաթը   որ՝  կը զուգադիպի Ֆինլանտայի լուտերական եկեղեցւոյ տարեկան Հռոմ ուխտագնացութեան, առիթ է յիշելու  աշխարհի զանազան վայրերու մէջ ապրած մարդոց ծանր կացութիւնը,  որոնց համար պէտք է գործի լծուիլ՝ միացած միեւնոյն համամիութենական յանձնառումով ըսաւ Սրբազան հայրը խնդրելով ներկաներէն  որ Տիրոջ աղօթեն որպէսզի աշխարհի մէջ  բոլոր քրիստոնեաները  կարենան խաղաղութեան գործիքներ դառնալ ու միասին գործել բաժնուած ժողովուրդներուն մէջ որպէս ծառաներ Աստուծոյ սիրոյն որ կը բուժէ եւ կը հաշտեցնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.