2018-01-25 14:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան նախագահը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 25 յունուար 2018-ին՝ առաւօտեան,  Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութեան նախագահ՝ Տիար Ֆաուսթին Արքանժ Թուատերան, որմէ ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փեթրո  Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Վատիկանի այլ երկիրներու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար Գերապայծաօ Ռիչարտ Կալլակերին:

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութեան մը որուն նշեց թէ վերոնշեալ հանդիպումը կայացած է սիրալիր մթնորորտի մէջ,   որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Վատիկանի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն՝  որ առ աեւեիլիով ամրապնդուած են՝ 2 սեպտեմբեր 2016ին  Պանքիի մէջ Սուրբ Աթոռի եւ կեդրոնական Ափրիկէի միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ։ Հանդիպման ծիրէն  ներս  երախտագիտութիւն արտայայտուեցաւ՝ Սուրբ Աթոռի եւ Ֆրանչիսկոս Պապի  Կեդրոնական Ափրիկէի ցուցաբերած յատուկ ուշդարութեան համար ապա Քննարկուեցաւ կեդրոնական Ափրիկէի կացութիւնը, գնահատուեցան  երկրի քաղաքական կայունութեան   վերականգման ի սպաս կատարուած աշխատանքները:

Ինչ կը հայի կեդրոնական Ափրիկէի  եւ տարածաշրջանին  մէջ արձանագրոաւծ վերջին  զարգացումներուն ու   հարցերուն որոնք  ծանր հետեւանքներ ունեցած են մարդկային գետնի  վրայ   երկու կողմերը մաղթանք յայտնեցին որ  զանազան ուժերու միջեւ  ստեղծուի արդիւնաբեր համագործակցութիւն ի նպաստ համայն  երկրի բարիքին,  վերակոչելով  միջազգային ընտանիքի կարեւոր դերակատարութիւնը՝ ազգային համերաշխութեան եւ խաղաղ համակեցութեան  խթանման ծիրէ ներս։     








All the contents on this site are copyrighted ©.