2018-01-25 18:30:00

Սուրբ Պօղոսի պազիլիքայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի՝ 25 Յունուար 2018-ին, Սուրբ Պօղոսի դարձի ծիսական տօնին առթիւ, որով կ՛եզրափակուի նաեւ քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պօղոսի անուան Հռոմի պազիլիքային մէջ,  կէսօրէ ետք 5,30-ին, գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը, մասնակցութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներու ու քրիստոնեայ այլ յարանուանութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւններուն։   

Արարողութեան ընթացքին կարդացուած սուրբ գրային ընթերցումներէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը անոնց ակնարկելով  նշեց թէ ընթերցումը քաղուած է Ելից գիրքէն ու կը խօսի Մարիամի եւ Մովսէսի մասին՝ եղբայր ու քոյր որոնք Աստուծոյ փառաբանութիւն կը մատուցեն կարմիր ծովու ափերուն մօտ, Եգիպտոսէն ազատուած Աստուծոյ հասարակութեան հետ միասին։ Անոնք իրենց ուրախութիւնը կը յայտնեն որովհետեւ Աստուած զանոնք  ազատեց  իրենց թշնամիէն՝ Փարաւոնէն։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Մովսէսի Փարաւոնի զայրոյթէն «փրկութեան», երբ տակաւին նորածին՝ Փարաւոնի դուստրը զայն կը գտնէ Նիլ գետին մէջ ու զայն կ՛անուանէ Մովսէս՝ այսինքն «ջուրէն փրկուած»։ Այդ փրկութեան պատմութիւնը նախանկարն է աւելի մեծ փրկութեան մը՝ համայն ժողովուրդի մը փրկութիւնը զոր Աստուած պիտի ազատեր Կարմիր Ծովու ջուրերու մէջ անցնելով զայն, ու այդ ջուրերը տապալելով անոնց թշնամիներուն վրայ։

Այս համապատկերը Եկեղեցւոյ Հայրերու համաձայն կը ներկայացնէր մկրտութիւնը՝ ուր մեր մեղքերը կը թաղուին մկրտութեան ողջ ջուրերուն մէջ։ Մեղքը արդարեւ Եգիպտոսէն աւելի՝ մեզ ստրուկ դարձնող սպառնալիք մըն է, սակայն Աստուածային սէրը զայն տապալեց, ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկեց կեանքին մէջ մեր փորձարկած Աստուածային քնքշութեան՝ որ մեզ կը փրկէ առօրեայի փորձութիւններէն, վախերէն ու անձկութիւններէն։ Փորձառութիւններ զոր պէտք է պահպանենք մեր սրտին ու մտքին մէջ եւ այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Մովսէսին, այդ անձնական փորձառութիւնը կապուած է աւելի մեծ պատմութեան մը՝ այն է Աստուծոյ ժողովուրդի փրկութեան պատմութիւնը – յարեց Սրբազան Պապը մատնանշելով հուսկ Սուրբ Պօղոս Առաքեալի դարձին ու անոր ապրած շնորհքի փորձառութեան, մինչ Տէրը զինք կը կոչեր դառնալ իր աշակերտը։

Այդ շնորհքը ապա Սուրբ Պօղոսը կը մղէ «հաղորդութիւն» փնտռելու միւս քրիստոնեաներուն հետ, նախ Դամասկոսի մէջ ապա Երուսաղէմի մէջ, «ահա այս է մեր հաւատացեալի փորձառութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ «մեր հոգեւոր կեանքի մէջ աճումի ընթացքին, միշտ աւելիով կը հասկնանք թէ շնորհքը մեզի հասանելի է ուրիշներու հետ միասին ու պէտք է զայն բաժնեկցիլ ուրիշներուն հետ»։

Քրիստոնեայ տարբեր յարանուանութիւնները եւս ապրեցան այդ փորձառութիւնը։ Վերջին դարու ընթացքին գիտակցեցանք թէ միասին կը գտնուինք Կարմիր Ծովի ափը։

Մկրտութեան միջոցաւ փրկուեցանք ու անոր մէջ մենք կը ճանչնանք թէ այլ յարանուանութիւններու եղբայրները եւս ընդունեցին փրկութեան շնորհքը եւ ասոր համար է որ կ՛ուզենք աղօթել միասին, մեր ձայները միացնելով իրարու, նոյնիսկ երբ տարբերութիւնները մեզ կը բաժնեն, գիտակից ըլլաով թէ կը պատկանինք փրկուած ժողովուրդի մը, միակ Հօրմէ սիրուած նոյն ընտանիքի զաւակներ։

Ազատագրումէն ետք ընտրեալ ժողովուրդը ընդգրկեց երկար ե դուար ճանապարհորդութիւն մը։ Մենք եւս այսօր որպէս Քրիստոնեաներ կը հանդիպինք բազմաթիւ դժուարութիւններու ու շրջապատուած ենք հոգեւոր անապատներէ, որոնք կը չորցնեն յոյսն ու ուրախութիւնը։

Այդ ճանապարհին ընթացքին կան ապա սպառնալիքներ որոնք վտանգի կը մատնեն մեր կեանքը։ Քանի եղբայրներ արդարեւ ենթարկուած են հալածանքի՝ Յիսուսին անունին համար։ Երբ անոնց արիւնը հեղու, նոյնիսկ եթէ կը պատկանին տարբեր յարանուանութիւններու, անոնք միասին կը դառնան վկաները հաւատքի, մարտիրոսներ՝ միացած միակ մկրտութեան շնորհքին մէջ։

Այսօր եւս քրիստոնեաներ կը դիմագրաւեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ՝ որոնք կ՛ոտնակոխեն մարդկային արժանապատուութիւնը, անոնք կը փախչին պատերազմի ու թշուառութեան իրականութիւններէն, թիրախ են մարդավաճառութեան ու նորաձեւ այլ ստրկութեան ձեւերու, կ՛ապրին անօթութեան ու ծարաւի տառապանքը՝ աշխարհի մը մէջ որ միշտ աւելի հարուստ է միջոցներով սակայն աղքատ է սիրով եւ ուր անարդարութիւնները կը շարունակեն աճիլ - ըսաւ Սրբազան Պապը ու թելադրեց «Իսրայէլացիներու նման քրիստոնեաներս եւս կանչուած ենք պահպանելու Աստուծոյ մեզի վերապահած սքանչելիքները ու անկէ մեկնելով՝ թիկունք կանգնինք մէկը միւսին ու միասնաբար՝  քաջութեամբ եւ յոյսով դիմագրաւենք բոլոր մարտահրաւէրները, զինուած միայն Յիսուսով ու Անոր Աւետարանի քնքուշ զօրութեամբ։ 

Սրբազան Քահանայապետը խօսքին աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու պատկան ներկայացուցիչներուն սկսեալ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան ներկայացուցիչ՝ Կեննատիոս  Մետրոպոլիտէն ու Քանթըրպըրրի Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ Վերապատուելի Պերնարտ Նթահոթուրիէն, ապա ողջունեց Ֆինլանտայի համամիութենական պատուիրակութիւնը, Պոսսէյ համալսարանի ուսանողները, արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիներու պատկան երիտասարդները, բոլորը հրաւիրելով Աստուծոյ ներկայացնել իրենց ու աշխարհին պահանջները այն վստահութեամբ թէ Ան՝ իր անհուն ու հաւատարիմ սիրով պիտի շարունակէ փրկել եւ ընկերանալ ուղեւորութեան մէջ գտնուող իր ժողովուրդին։  








All the contents on this site are copyrighted ©.