2018-01-24 11:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց Քոնկոյին մէջ դադրեցնելու բռնութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած հրապարակային  ունկնդրութեան աւարտին,  Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ի նպաստ Քոնկոյի հանրապետութեան հրաւիրելով դադրեցնել ամէն ձեւի բռնութիւնները։

«Դժբախտաբար կը շարունակուին  մտահոգիչ լուրեր հասնիլ Քոնկոյին հանրապետութենէ, ուստի կը վերանորոգեմ իմ կոչս որպէսզի ամէնքը յանձնառումով գործեն խուսափելու համար ամէն տեսակ բռնութենէն» ըսաւ Սրբազան Պապը   աւելցնելով որ Եկեղեցին իր կարգին  ուրիշ բան չ՛ուզեր եթէ ոչ իր նպաստը բերել  խաղաղութեան եւ ընկերութեան հասարակաց բարիքին:      








All the contents on this site are copyrighted ©.