Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:
Նախագահ Մաքրոն ողջունած է Հայաստանի նախագահին Ֆրանսա այցելութիւնը եւ նշած, որ հանդիպումին ընթացքին կ՛ակնկալէ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններէն բացի քննարկել բազմակողմանի ձեւաչափով, այդ կարգին` Ֆրանսախօս երկիրներու շրջագիծին մէջ համագործակցութիւնը, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը` շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք: Ֆրանսայի նախագահը հետաքրքրուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին վերջին զարգացումներով եւ այդ հոլովոյթը յառաջ մղելու կարելիութիւններուն վերաբերեալ նախագահ Սարգսեանի մօտեցումներով, ինչպէս նաեւ շրջանի երկիրներուն հետ Հայաստանի յարաբերութիւններով:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն երկուստեք կարեւոր նկատած են հայ-ֆրանսական խորհրդարանական յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը, տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութեան աշխուժացումը` ընդգծելով, որ տնտեսական յարաբերութիւնները անհրաժեշտ է հասցնել վերընթաց զարգացող երկկողմանի քաղաքական յարաբերութիւններու ներկայիս բարձր մակարդակին:
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ այս տարի տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին` նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ընդգծած է, որ Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է եւ կարելի եղածին չափ պիտի աջակցի վեհաժողովը բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար: Նախագահ Մաքրոն սիրով ընդունած է վեհաժողովին մասնակցելու նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը եւ նշած, որ մեծ նշանակութիւն կու տայ այդ կարեւոր իրադարձութեան:
Նախագահները հանդիպումին արդիւնքները զեկուցած են լրատուամիջոցներուն:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Ֆրանսան մշտապէս պիտի ըլլայ Հայաստանի կողքին:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Ֆրանսայի նախագահը հետաքրքրական գնահատած է Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումը` աւելցնելով, որ Հայաստանը երկար ճամբայ անցած է` կառուցելով կայուն ժողովրդավարական երկիր արեւմուտքի ու արեւելքի միջեւ:
«Այս բարդ շրջանին մէջ Ֆրանսան ձեր կողքին պիտի ըլլայ եւ պիտի օժանդակէ, որպէսզի յառաջ շարժիք: 2018 թուականը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար», ըսած է Մաքրոն` աւելցնելով, որ մայիս 28-ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին, Ֆրանսայէն պիտի մասնակցի արտաքին գործոց նախարարը: Միաժամանակ, Էմանուէլ Մաքրոն պաշտօնապէս հաստատած է, որ եկող հոկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովին մասնակցելու նպատակով:
«Մեր հանդիպումին ժամանակ որոշեցինք մեծցնել ֆրանսերէնի դերը կրթութեան մէջ, ընդլայնել Ֆրանսական համալսարանը, ստեղծել մշակութային կեդրոն: Միաժամանակ, կ՛ուզեմ բարձր գնահատել հայկական սփիւռքի դերը եւ յիշեցնել, որ 30 յունուարին պիտի մասնակցիմ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի ընթրիքին», ըսած է Ֆրանսայի նախագահը:
Մաքրոնի դիտարկումով` հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը պահանջեն աւելի ուժականութիւն եւ փոխանակութիւն` զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, շրջակայ միջավայրի եւ ծրագրային ապահովման մարզերուն մէջ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ողջունած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու` նախորդ հոկտեմբերին Ժընեւի մէջ եւ արտաքին գործոց նախարարներու` ընթացիկ տարուան յունուարին Քրաքովի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումները` յոյս յայտնելով, որ երկխօսութեան վերսկսումը յստակ արդիւնքներ պիտի տայ:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք` անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապին` Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է տագնապը լուծելու կարեւորութիւնը:
«Ատիկա պէտք է ըլլայ համարձակ փոխզիջում: Գիտեմ, որ խաղաղութիւն քարոզելը շատ դժուար է, կ՛ուզեմ, որ հանդիպումները յստակ արդիւնքներ ունենան», ըսած է Մաքրոն` դրական գնահատելով իւրաքանչիւր հանդիպում` ուղղուած երկխօսութեան ամրապնդման:
Մաքրոն նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդական ջանքերը արդիւնք պիտի տան` տագնապի խաղաղ լուծման առումով:
All the contents on this site are copyrighted ©. |