2018-01-24 09:21:00

Սուրիոյ խորհրդարանը դատապարտեց Թուրքիոյ յարձակումը Աֆրինի վրայ


ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Երկուշաբթի, Յունուար 22ին, Սուրիոյ խորհրդարանը դատապարտեց Թուրքիոյ թշնամական յարձակումը սուրիական Աֆրին քաղաքին դէմ՝ կոչ ուղղելով միջազգային խորհրդարաններու ընկերակցութեան եւ Իսլամական Համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն, որ նմանապէս դատապարտեն այդ քայլը:

Խորհրդարանի նախագահ Համմուտա Սապպաղ դիտել տուաւ, որ Էրտողանի վարչակարգը Աֆրինի դէմ այսպիսի յարձակում մը կազմակերպելով՝ Թուրքիան կ՛առաջնորդէ ահաբեկչութեան, սպանդի եւ միջազգային օրէնքներու ոտնահարման, միաժամանակ աւելցնելով, որ Սուրիոյ եւ սուրիացիներուն ուղղուած այս յարձակումը, երկրի բնակչութեան սպանութիւնն ու անոր բնակարաններուն քանդումը մարդկութեան դէմ Թուրքիոյ գործած ոճիրներուն շարունակութիւնը կը համարուին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.