2018-01-24 12:37:00

«Կեղծ լուրեր եւ խաղաղութեան լրագրութիւն» հաղորդամիջոցներու օրուան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ընկերային հաղորդամիջոցներու օրուան առիթով հրապարակած պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լրագրողներու մասնագիտութիւնը որակած է «առաքելութիւն»։ Սրբազան Հօր պատգամին նիւթն է՝ «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ. կեղծ լուրեր եւ խաղաղութեան լրագրութիւն»։ Սրբազան Հայրը կը յիշեցնէ իր նախորդներէն երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետը, որ 1972 թուականին, Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Օրուան իբր նիւթ ընտրած էր «ծառայութիւն ճշմարտութեան» բնաբանը։

Պատգամի առաջին մասին մէջ, Սրբազան Հայրը կը վերլուծէ «կեղծ լուրերու» երեւոյթը։ Կեղծ լուրերու նպատակն է «խաբել եւ նոյնիսկ շահարկել ընթերցողը. ազդեցութիւն գործել քաղաքական որոշումներու վրայ եւ նպաստել տնտեսական հասոյթներու։» Անոնք, իշխանութեան մարմաջով լեցուած, ընկերային ցանցի միջոցաւ կը տարածեն իրենց կեղծ տեղեկութիւնները, սնուցանելով հակամարտութիւններ. կʼընթանան կեղծիքէ կեղծիք՝ գողնալով մեր սրտի ազատութիւնը։

Սրբազան Հայրը իր յորդորին մէջ կʼըսէ, թէ բոլորը կոչուած են դիմակայելու այս կեղծիքին, եւ շեշտը կը դնէ դաստիարակչական նախաձեռնութիւններու վրայ, որոնք կʼօգնեն որ անհատները չվերածուին ապատեղեկատուութեան քարոզիչներու, այլ ըլլալու դերակատարներ քօղազերծումի։ Առընչուելով Աստուածաշունչի Ծննդոց գրքին, Սրբազան Հայրը կեղծ լուրերու հիմը կը նկատէ «օձին տրամաբանութիւնը»։ Աստուածաշունչի այդ դրուագը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ոչ մէկ կեղծ լուր անվնաս կը մնայ. այլ մանաւանդ՝ վստահիլ կեղծին, կը յառաջացնէ տխուր հետեւանքներ եւ ճշմարտութեան խեղաթիւրում՝ վտանգաւոր արդիւնքներով։

Ֆրանչիսկոս Պապ Տոսթոյեւսքիէն մէջբերելով կը գրէ՝ «Այն որ ինքն իրեն կը ստէ եւ կʼունկնդրէ իր նենգութիւններուն, կը հասնի այն կէտին, ուր չի կրնար զատորոշել ճշմարտութիւնը։» Սակայն ճշմարտութիւնը հակաթոյնն է «կեղծիքի ժահրին»։ Սրբազան Հայրը կը հետեւցնէ, թէ «կեղծիքէ ազատումը եւ տեղեկագրութեան որոնումը բաղադրիչ երկու տարրեր են, որոնք չեն կրնար պակսիլ, որպէսզի մեր խօսքերը եւ մեր արարքները ըլլան ճշմարիտ, վաւերական եւ վստահելի։»

«Կեղծիքի լաւագոյն հակաթոյնը» անհատներն են, որոնք «ազատ ագահութենէ, պատրաստ են լսելու եւ անկեղծ երկխօսութեան մը վաստակին միջոցաւ՝ երեւան կը հանեն ճշմարտութիւնը։» Լրագրողը «լուրերու պահապանն է», կը գրէ Սրբազան Պապը աւելցնելով՝ թէ ան պարտականութիւնն ունի «լուրերու խելագարութեան մէջ եւ անակնկալներու յորձանքին մէջ յիշեցնել, թէ լուրի կենդրոնը ոչ թէ զանոնք հաղորդելու արագութիւնը եւ ունկնդիրներու վրայ թողած ազդեցութիւնն է, այլ անհատները»։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ կʼուղղէ ընթանալ «խաղաղութեան լրագրութեան»։ Լրագրութիւն մը՝ «առանց կեղծիքի, հակառակ կեղծիքի, յանկերգերու եւ ուռուցիկ տպաւորութիւններու եւ յայտարարութիւններու»։

Սրբազան Հայրը Պատգամը կʼեզրափակէ աղօթքով մը, ներշնչուած Ս. Փրանկիսկոսէն՝ «Օգնէ, որ ճանչնանք չարը, որ կը սպրդի հաղորդակցութեան մը մէջ՝ որ միութիւն չի կառուցեր։ Օգնէ, որ հոն, ուր կայ խելայուզութիւն՝ այնտեղ գործածենք զգաստութիւն, եւ ուր կայ կեղծիք՝ այնտեղ բերենք ճշմարտութիւն»։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.