2018-01-23 10:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Տաւոսի» տնտեսական համաժողովին։


(Ռատիօ Վատիկան) «Առաջնահերթութիւն է մարդ անհատի արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը՝ մասնաւորէս հնարաւորութիւն ստեղծելով մարդկային համապարփակ զարգացումին համար եւ իրականացնելով ընտանիքի խթանման տնտեսական քաղաքականութիւններ» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին աշխարհի կառավարիչներուն յղած պատգամը Տաւոսի մէջ այս օրերուն գումարուած տնտեսական համաժողովին առթիւ։

Պարտգամի ընթերցումը կատարեց Մարդկային համապարփակ զարգացումի վատիկանեան ծառայութեան կառավարիչ՝ կարդինալ Փիթէր Ափփիա Թուրքսոն, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը կը յանձնարարէ տնտեսական համակարգեր ստեղծել որոնց կեդրոնը միշտ դրուի մարդ անհատը ու անոր իրաւունքները, մաղթելով որ ստեղծուին ներառնող եւ արդար ընկերութիւններ, որոնք կարողանան արդար օժանդակութիւն մատուցել մարդուն։

Սրբազան Քահանայապետը նոյնպէս կոչ կ՛ուղղէ որ արուեստագիտութեան նորամուծութիւնները եւս օգտագործուին  մարդկութեան ծառայութեան ու հասարակաց տան պաշտպանութեան համար, ինչպէս նաեւ կը հրաւիրէ խուսափիլ «մնացորդացի մշակոյթէն» ու ստեղծել աշխատանքի հնարաւորութիւն, ապա պայքարիլ կաշառակերութեան դէմ ու խթանել ընկերային արդարութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւէր կ՛ուղղէ լուր չի մնալ ի տես միլիոնաւոր անհատներու տառապանքին, որոնց արժանապատութիւնը ոտնակոխուած է, ու կը հաստատէ թէ կարելի չէ յառաջ ընթանալ անտեսելով աղքատութեան ու անարդարութիւններու տարածումը ու անոնց պատճառները։ Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ կը յորդորէ միշտ ի միտ ունենալ հասարակաց բարիքը, ապա պաշտպանել ու գործել այդ հասարակաց բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.