2018-01-23 08:19:00

Ռոհինճաները Միանմար վերադարձնելու ծրագիր


Պանկլատեշի արտաքին գործոց նախարար Ապտելհասան Մահմուտ Ալի հարիւր հազարաւոր ռոհինճա իսլամ փոքրամասնութեան անդամներ Միանմար վերադարձնելու իր երկրի ծրագիրին շուրջ միջազգային ընտանիքին մտավախութիւնները փարատելու փորձով մը շեշտեց. «Հոլովոյթը ազատ ընտրանքի վրայ հիմնուած է եւ պիտի կիրարկուի ՄԱԿ-ի հետ համակարգումով»:

Մահմուտ Ալի յայտարարեց, որ իր երկիրը նշեալ ծրագիրին մէջ ներառած է կէտեր, որոնք ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձրագոյն յանձնակատարութիւնն ու միջազգային այլ կազմակերպութիւնները մասնակից կը դարձնէ տունդարձի ամբողջ գործողութեան:

Կը նախատեսուի, որ Պանկլատեշի եւ Միանմարի սահմանին վրայ գերխճողուած գաղթակայաններու մէջ վատ պայմաններու մէջ ապրող ռոհինճա գաղթականներու տունդարձի գործողութիւնը սկսի յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին եւ իր աւարտին հասնի շուրջ երկու տարի ետք:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.