2018-01-23 09:25:00

Հայ երեք յարանուանութիւններու Աղօթքը՝ «Եկեղեցիներու միութեան համար»։


Կիրակի, 21 Յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ԱՂՕԹՔ՝ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ, նախագահութեամբ՝ Հայ երեք Համայնքապետերուն:
Աղօթքի արարողութեան հանդիսապետեցին եւ աղօթեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, իսկ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը կը ներկայացնէր Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեանը:
Ներկայ էին նաեւ հայ երեք յարանուանութիւններու կղերականներ եւ հաւատացեալներ:

(Perio News)








All the contents on this site are copyrighted ©.