2018-01-22 10:56:00

Մարաշի աղէտի 98-րդ տարելիցին առիթով Պատարագ, Նոր Մարաշի երեք եկեղեցիներուն մէջ


Մարաշի աղէտի 98-րդ տարելիցին առիթով, երէկ` Կիրակի, 21 Յունուարին, Նոր Մարաշի հայ երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Փրկիչ եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցան Ս. պատարագ, պաշտամունք եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ, մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալ հայրենակիցներու հոգիներուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հովիւ Շնորհք քհնյ. Արթինեան, իսկ օրուան պատգամը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Մեղրիկ եպս. Բարիքեան:

Իր քարոզին մէջ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան մէջբերելով Յիսուսի` «Ես եմ, մի՛ վախնաք» խօսքը, բացատրեց անոր իմաստը եւ ըսաւ, որ վախը հոգեկան զգացում մըն է, սովորական հոգեբանական վիճակ մը, որ բոլորիս վրայ կ՛ազդէ դրական կամ ժխտական իմաստով` աւելցնելով, որ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ, թէ պէ՞տք է վախնալ Աստուծմէ, թէ՞ ոչ: Ան նկատել տուաւ, որ Աստուծմէ վախնալ կը նշանակէ վերանորոգել անձը, ուրախ պահել սիրտը: Անդրադառնալով մարաշցիներուն համար կատարուելիք հոգեհանգիստին` Մեղրիկ եպս. Բարիքեան կարդալով պատմագիրի մը վկայութիւնը ըսաւ, որ Ցեղասպանութենէն ետք, երբ մարաշցիները ամէն բան` հարազատներ եւ կալուածներ կորսնցուցին, եկան Լիբանան եւ վերանորոգեցին իրենք զիրենք, եւ աստուածային իմաստութեամբ գեղեցկանալով` գեղեցկացուցին նաեւ թաղը: Ան նկատել տուաւ, թէ ան որ իր կեանքին մէջ ինքզինք կը նորոգէ, իր միտքը կը լուսաւորէ, ինքզինք ուրախ կը պահէ` կը յաջողի: «Մարաշցիները այսպէս յաջողեցան: Յաջողեցան, որպէսզի սերունդները ապրին եւ իրենք զիրենք դաստիարակեն», հաստատեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեան եւ խօսքը ուղղելով  ներկայ մարաշցիներուն ըսաւ. «Ձեր զաւակներուն բացատրեցէ՛ք, որ պէտք է հպարտ եւ երջանիկ զգան, որ իրենք մարաշցի են», շեշտեց Մեղրիկ եպս. Բարիքեան:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ննջեցեալ մարաշցիներու հոգիներուն համար:

Աւարտին միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ հրամցուեցաւ հոգեսուրճ: Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Ապունայեան կարդաց վարչութեան գործունէութեան 2017-ի տեղեկագիրը, որուն ընդմէջէն կ՛արտացոլային վարչութեան կատարած հետեւեալ աշխատանքները. ա) Տարեկան պատի օրացոյցը, որուն նիւթը Մարաշէն բերուած կարգ մը իրերու մասին էր, բ) 275 հայկական վարժարան յաճախող աշակերտներ եւ  Հայկազեան համալսարան յաճախող 9 ուսանողներ ստացան կրթանպաստ, գ) Մարաշի աղէտի ոգեկոչում, դ) Վարչութիւնը սատար հանդիսացաւ մեծ թիւով մշակութային ձեռնարկներու, որոնք կազմակերպուած էին գաղութին մէջ, ե) Կատարեց կրթական օժանդակութիւններ հայկական վարժարաններուն եւ այլ հաստատութիւններու, զ) Այլ օժանդակութիւններ, է) Միութեան տիկնանց յանձնախումբը կազմակերպեց  իր տարեկան ձեռնարկը:

Մարաշի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան խօսք առնելով շեշտեց, որ ազգ մը պահելու աշխատանքին մէջ կարեւոր են պատմութիւնը եւ մշակոյթը` աւելցնելով, որ պատմութեան պարագային պէտք է ետեւ նայինք, յիշենք եւ սորվեցնենք մեր զաւակներուն, որպէսզի իրենք եւս սորվին եւ շարունակեն յիշել, որովհետեւ մեր պատմութիւնը որքան ալ լեցուն ըլլայ սեւ էջերով, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ Մարաշի աղէտը, սակայն անոնց մէջ կան նաեւ պայծառ էջեր, որոնք մեր ժողովուրդին նահատակութեան, հաւատքին եւ զոհողութեան հոգիին արտացոլումն է: «Այդ բոլորին մէջ մենք կը հաւատանք, որ Աստուած իր միջամտութեամբ մեզի յարութիւն տուաւ ու մեզ փրկեց եւ մենք կրցանք Լիբանանի մէջ մինչեւ այսօր գոյատեւել», ըսաւ վեր. Մսըրլեան եւ բաղդատական մը ըրաւ անցեալին ու ներկային միջեւ, ինչ որ մեր նախահայրերը ունէին Մարաշի մէջ եւ ինչ որ մենք ունինք ներկայիս, նաեւ ինչ որ անոնք փոխանցեցին մեզի, եւ մենք զոհողութիւններով կրցանք շինել նոր Մարաշը եւ մեր եկեղեցիներն ու դպրոցները վեր. Մսըրլեան մեծ հարստութիւն եւ աւանդ նկատեց այս իրագործումը` շեշտելով, որ անիկա պէտք է պահուի եւ շարունակուի: Ան ըսաւ, որ մեր պարտականութիւնն է ազգային եւ հոգեւոր արժէքները պահելու ոգին փոխանցել մեր զաւակներուն եւ ներկայ սերունդին: «Երկու տարի ետք Մարաշի աղէտին 100-ամեակն է: Իմ խնդրանքս է, որ այս առիթով կազմակերպուի դէպի Մարաշ ուխտագնացութիւն մը, նաեւ գիտաժողով մը Մարաշի, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի կեանքին մէջ անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին», եզրափակեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան:

 

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ Ղազար վրդ. Պետրոսեան խօսք առնելով պատմական ակնարկ մը նետեց Մարաշի աղէտի ժամանակաշրջանին եւ ըսաւ, որ 98 տխուր, սպանդի եւ չարչարանքի տարիներէ ետք աղէտին հետեւանքները տակաւին կը յամենան: Սակայն այդ բոլոր դժբախտութիւնները անցան: Աստուած նոր հող մը պատրաստած էր հայուն եւ մարաշցիին համար Լիբանանի մէջ: Նոր կեանք, նոր յոյս, նոր արեւագալ եւ Նոր Մարաշ, 98 տարի ետք դէպի փայլուն ապագայ տանող նոր շրջանի մը նոր հիմնաքարը դնելու թափը տրուած էր: «Ո՛վ հայ, հանգիստ ննջէ քու շիրիմիդ մէջ, ո՛վ մարաշցի, խաղաղ մտածէ, աշխատէ եւ աղօթէ, որովհետեւ քու կեանքդ, պատմութիւնդ, հոգեւոր արժէքներդ, շարականներդ ստեղծուած են արդար նահատակներու մեղրահամ արիւնով, որ կ՛ոռոգէ իւրաքանչիւր մարաշցիի սիրտն ու միտքը» հաստատեց Ղազար վրդ. Պետրոսեան:

Այնուհետեւ Շնորհք քհնյ. Արթինեան, վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան եւ Ղազար վրդ. Պետրոսեան պահպանիչով եւ Տէրունական աղօթքով փակեցին յիշատակի ձեռնարկը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.