2018-01-22 08:50:00

Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին նուիրուած «88+Յաւերժ» Յուշահանդէսը։


Շաբաթ, 20 յունուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանին նուիրուած «88+ յաւերժ» յուշահանդէսը` հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: ՀԿՄ-ի պատանեկանի Զալքայի մասնաճիւղէն երեք պատանիներ խոստման արարողութիւն կատարեցին: Ապա ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան ըսաւ, որ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան իր նուիրական կեանքով թոյլ տուաւ, որ Քրիստոս ապրի իր մէջ, եւ անոր վախճանումը որքան ալ ցաւալիօրէն նօսրացուցած ըլլայ առաքեալներուն շարքերը, այլեւս կորուստ մը չի նկատուիր եկեղեցւոյ համար, այլ անկորնչելի շահ: Ան ըսաւ. «Շահեցանք շնորհալի առաքեալ մը, որուն հոգեշահ ու խնկելի կենցաղը օրինակ դարձաւ եւ պիտի դառնայ շատերու, շահեցանք պտղաբեր նուիրեալ մը, անձնուէր մը, որ իր օծուն խօսքերով, արդիւնաբեր  գրիչով եւ օգտաշատ ծառայութիւններով լուսաւորեց կեանքն անոնց, որոնք խաւարին մէջ էին: Շահեցանք սրբակեաց բարեխօս մը, որ պիտի աղերսէ առ Աստուած, որպէսզի մշակներ ղրկէ իր հունձքին. որքան գեղեցիկ է տեսնել կռանեաններ, որոնք կը գործեն հաւատքի տարածման դաշտին մէջ, Քրիստոսի ուրախ լուրը հասցնելու ամէն տուն, ամէն փողոց, ամէն հրապարակ ու ամէն անկիւն աշխարհի մէջ»: Իր խօսքի աւարտին վարդապետը սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք համագործակցած են ձեռնարկը յաջողցնելու:

Հայ կաթողիկէ համալսարաններու միութեան պատրաստութեամբ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող:

Ապա Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան ներկայացուց հայր Կռանեան հոգեւորականը: Ան ըսաւ, որ Անդրանիկ Կռանեան իր հոգեմտաւոր տեսիլքներով եւ ջերմ աղօթքներով նուաճեց շարքը մտքի ու հոգիի մերօրեայ տիտաններուն:  Ան Զմմառու միաբանութեան մէջ ճառագայթող ներկայութիւն մը եղաւ ի շարս այլոց, ինչպէս նաեւ լուսափայլ աստղ մը` հայ եկեղեցւոյ երկնակամարին վրայ: Ազգի ու եկեղեցւոյ ծառայութիւնը իր կեանքին մէջ գերագոյն նպատակն ու գոհունակութիւնը նկատեց եւ իր կեանքի ընթացքին իբրեւ հարազատ ընտանիք ունեցաւ Զմմառու պատրիարքական կղերին միաբանութիւնը, իսկ իբրեւ ընտանիքի անդամներ` միաբանակից եղբայրները:

Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան ըսաւ, որ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան եղաւ սերունդներ կերտող հովիւ: Այնտեղէն, ուրկէ անցաւ, իր հետքը թողուց, իր շուրջը հաւաքեց հայ մանուկը, պատանին ու երիտասարդը` դարբնելու համար հայ եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին նուիրեալ ապագայ սերունդը: Սերունդներ պիտի յիշեն, թէ ինչպիսի՛ խստապահանջ եւ օրինապահ ուսուցիչ ու դաստիարակ էր ան, եւ պիտի յաւերժացնեն անոր անունը: Հայ ժողովուրդին մտաւորական դասը` թէ՛ մայր հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, պիտի յիշէ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը, որովհետեւ ան հայկական կեանքին մէջ յիշատակ մը ձգած է:

Մարինա Սամանլեան կարդաց Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի «Երթամ… երթամ» կտորը, որմէ ետք Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ներկայացուց հայր Անդրանիկ Կռանեան մտաւորականը: Ան ըսաւ. «Իսկական մտաւորականի յատկութիւններէն  Անդրանիկ Կռանեանի մէջ ճանչցանք քննող միտքը: Վարդապետին մօտեցումներուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ բոլորը տեսան ինքնուրոյն միտք եւ իր կարողութեան նկատմամբ ունեցան բարձրաստիճան վստահութիւն: «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի իր գործակիցները 25 տարուան փորձի ընթացքին ճանչցան անոր ինքնավստահ եւ ինքնուրոյն կեցուածքը` ի գին ամէն հաւանական դժգոհանքի»:  Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան եղաւ յստակութեան, ճշգրտութեան եւ բազմալեզու հարստութեան ներկայացուցիչը: Բառարանը իրեն համար մասնագիտական աշխատանք չէր միայն, այլեւ իր ապրումներուն , մտայղացումներուն եւ առաքելութեան արտայայտութիւնը: Խօսքով, գիրով ու տառով կը ներկայացնէր հարազատութիւն,  մասնագիտութիւն եւ նոյնիսկ հայրենասիրութիւն:

Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան եղաւ ո՛չ միայն ծրագիր ու միտք մշակող, այլեւ մինչեւ վերջ մնաց խանդավառ իր առաքելութեամբ: Ան միայն միտք չէր, այլ նաեւ ուղղամիտ, միայն հոգեւորական չէր, այլ նաեւ հոգիով ապրող, ան միայն գրագէտ չէր, այլ նաեւ մարդկային եւ հայկական մշակոյթի սպասաւոր, ան միայն ընկերասէր չէր, այլ նաեւ մարդասէր, միայն վարդապետ չէր, այլ նաեւ բոլորին հաւասար անկեղծ ընկերը:

Պորիս Միրզոյեան (ջութակ), Հայկ Տէր Յովհաննէսեան (ալթջութակ), Հայկ Պապայեան (թաւջութակ) եւ Գէորգ Քէշիշեան (սրինգ) մեկնաբանեցին կոմիտասեան եղանակներու փունջ մը:

Ժիրայր Դանիէլեան ներկայացուց հայր Անդրանիկ Կռանեան խմբագիրը: Ան ըսաւ, թէ եթէ Անդրանիկ ծ. վրդ.Կռանեանի հրապարակագրական, լրագրական եւ հոգեմտաւոր փայլատակումներու վկայութիւնները եղան «Երիտասարդ հայ»-ը, «Մասիս»-ը եւ «Զուարթնոց»-ը, ապա իր գիտաբանասիրական կարողութիւններուն եւ ձիրքերուն արտայայտութիւնը հանդիսացաւ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը:

«Մասիս»-ը այսօր 70 տարեկան է: Կռանեան վարդապետ շուրջ չորս տասնամեակ փորձառու նաւապետի մը նման վարած է անոր ղեկը: Մասիսը առաջին օրէն մինչեւ այսօր իր ճակատին ունեցած է շատ պարզ, սակայն խորիմաստ լոզունք մը. «Որպէս զէն` ճշմարտութիւն»: Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան իր իմացական ամբողջ կեանքին տեւողութեան եւ ի մասնաւորի իբրեւ խմբագիր ու հրապարակագիր այդ լոզունքը դարձուց իրեն դրօշ, զոր անձնուիրութեամբ, խոր հաւատքով ու արդար հպարտութեամբ միշտ բարձր պահեց ու անով առաջնորդուեցաւ

Զմմառու ընծայարանի ժառանգաւորները մեկնաբանեցին «Բազմաչարչար նահատակ» եւ «Աղաչեայ վասն մեր» երգերը:

Այնուհետեւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը ուղղեց իր հայրապետական խօսքն ու տուաւ օրհնութիւնը: Ան ըսաւ, թէ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի բոլոր արժանիքները կը բխին աղբիւրէ մը եւ կը կեդրոնանան արժէքի մը վրայ, որ առաւել եւս պէտք է լոյսի տակ առնուի եւ ըստ այնմ արժեւորուի` անոր հոգեւորականի հանգամանքը, որ եղած է իր կեանքին մեկնակէտը, իր ուղեցոյցը: Հոգեկան ապրումին եւ գերագոյն երջանկութեան աղբիւրը, այսինքն` աստուածային կոչումը, որուն փարած էր փոքր տարիքէն եւ անով ապրած էր իր պատանեկութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն, մինչեւ կեանքին վերջին շունչը: Ճիշդ է, որ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան կանուխէն ցոյց տուած է իր յատուկ սէրը հայ գիրին, հայ պատմութեան, հայ մշակոյթին նկատմամբ եւ դրսեւորած է իր այդ ձգտումը` արդիւնաւորելով զանոնք իր անխոնջ աշխատանքով ու յարատեւ նուիրումով: Խորապէս թափանցած է անոնց մէջ եւ իւրացուցած, սնուցած  է ինքզինք անոնցմով` իր կարգին ուրիշներու միտքն ու հոգին սնուցանելու ցանկութեամբ, եւ լիուլի արդարացուցած է իր կոչման այս երկու յատկանիշները` հոգեւորն ու մտայինը, որոնք խորապէս դրոշմած են իր կեանքը:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան իր քահանայութիւնը դրած է ի սպաս եկեղեցւոյ եւ ազգին` հաւասարապէս ծառայելու համար մէկուն ու միւսին, առանց մտահան ընելու նաեւ իր մայր ու որդեգիր հայրենիքը: Ձիրքերն ու տաղանդները, որոնցմով օժտած է զինք Աստուած, ան իմաստնօրէն օգտագործած է եւ վերադարձուցած իր Տիրոջ` բազմապատիկ բեղմնաւորուած ի նմանութիւն Աւետարանի պարտաճանաչ ծառային: Եկեղեցին ու ազգը երախտապարտ պիտի մնան անոր իր այս բոլոր վաստակներուն համար: Հայր Անդրանիկ համոզուած էր, որ ազգին, եկեղեցւոյ,  համայնքին կենսունակութիւնն ու ապագան երիտասարդութեան յանձնառութենէն կախեալ են, եւ այս մտահայեացքով ան եռանդագին աշխատեցաւ` գործօն պահելու համար ՀԿԵՄ-ը, ապա ՀԿՄ-ը, զոր ինք հիմնեց:   Մամուլն ու գրականութիւնը եղան սակայն իր նախասիրած բնագաւառները, որոնցմով կրցաւ տարածել Աստուծոյ խօսքը եւ քաջալերել հայ գիրն ու մշակոյթը:

Աւարտին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը պահպանիչով փակեց ձեռնարկը:

(Ազդակ)








All the contents on this site are copyrighted ©.