2018-01-20 16:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Փերուի «Հուանքաքօ» քաղաքին մէջ մատուցած պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 20 Յունուար 2018-ին, Չիլիէ եւ Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ճամբորդութեան վերջընթեր օրուան յայտագիրը սկսաւ առաւօտեան կանուխ՝ երբ Փերույի մայրաքաղաք Լիմայի օդակայանէն մեկնեցաւ ՓերուիԹրուխիլլօ քաղաք, ուր ժամանեց մէկ ժամ 20 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք եւ ուր զինք դիմաւորեցին տեղական իշխանութիւններն ու բազմաթիւ հաւատացեալներ, աւանդական պարերով եւ երգերով։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ իր հետ ճամբորդող պատուիրակութեան հետ միասին ուղղուեցաւ Հուանքաքօ  քաղաքի ծովափ, ուր հազարաւոր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ, առաւօտեան 10-ին (Հռոմի ժամով 16-ին) մատոյց «Երկնքի դուռ Սուրբ Կոյսին» նուիրուած սուրբ պատարագը, որուն  ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ անդրադարձաւ տեղացի ժողովուրդի դժուարին կեանքին, անոնց դժբախտութիւններուն եւ բնական աղէտներէ կրած տառապանքներուն։ Ան նկատեց, թէ այդ ժողովուրդը Յիսուսի առաքեալներուն նման կʼապրին բնութիւնը, անոր զօրութիւնը եւ հարուածները, որ շատերու կը պատճառէ ցաւ ու տառապանք եւ կը խլէ անոնց ստացուածքն ու բնակարանները։

Կեանքի դժուարին պայմանները երբեմն մեզ կը մղեն կասկածի տակ դնելու մեր հաւատքը։ Սակայն «Միանանք Յիսուսի» յորդորեց Սրբազան Հայրը, եւ աւելցուց՝ թէ «Յիսուս կը ճանչնայ ցաւն ու փորձութիւնը. Ան անցաւ բոլոր ցաւերէն, որպէսզի կարենայ ընկերանալ մեզի մեր ցաւերուն մէջ։ Ան խաչին վրայ՝ կʼուզէ ըլլալ մեզի մօտիկ բոլոր ցաւալի պարագաներուն մէջ, որպէսզի մեզի ձեռք երկարէ եւ օգնէ որ կանգնինք։ Ան մուտք գործեց մեր պատմութեան մէջ, ուզեց բաժնեկից ըլլալ մեր երթին եւ սփոփել մեր վէրքերը։»

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Աւետարանի ընթերցումը, ուր Մատթէոս Աւետարանիչ կը պատմէ «Տաս կոյսերու» առակը (Մտթ ԻԵ. 1-13)։ Սրբազան Հայրը ըսաւ՝ մենք ալ երբեմն կը գտնուինք նոյն վիճակին մէջ։ Որոշ պարագաներու մէջ կը հասկնանք թէ ինչ բանով լեցուցած ենք մեր կեանքը։ Ո՜րքան կարեւոր է մեր կեանքը լեցնել այն ձէթով, որ թոյլ կու տայ մեր լապտերները լուցանել խաւարի բազմաթիւ պարագաներուն մէջ եւ գտնել յառաջ ընթանալու ճանապարհը։» Սրբազան Հայրը կեանքի խաւարին պարագաներ որակեց ժողովուրդի բնական աղէտները։ Սակայն այնտեղ է որ ժողովուրդին մօտ երեւան կու գար զօրակցութեան հոգին, առատաձեռնութեան ձէթը, որ ժողովուրդը յառաջ կը մղէր դէպի Տէրը, օգնութեան անթիւ արարքներու ցուցաբերումով։ Խաւարի մէջ այդ մարդիկ եղած են կենդանի ջահեր, որոնք լուսաւորած են ճանապարհը, լայն բանալով ձեռքերը եւ տրամադիր ամոքելու ցաւը եւ բաժնեկցելու այն ինչ որ կը մատուցաներ աղքատիկ կեանքը։

Ինչպէս կը տեսնենք յիմար կոյսերու մօտ, կեանքին մէջ կան պարագաներ, ուր կարելի չէ յանկարծակի բան մը հայթայթել կամ գնել։ Հասարակութեան մը հոգին կը չափուի անով, թէ ինչպէս ան կարող է միութիւն գոյացնել՝ դիմագրաւելու համար դժուարին պայմաններ՝ կարենալ կենդանի պահելու յոյսը։ Ապա հաւատքը մեզի կու տայ այնպիսի սէր՝ որ գործնական է, օգնութեան պատրաստ եւ կարեկցող։

Կեանքին մէջ կան շատ մը փոթորիկներ, յիշեց Սրբազան Հայրը եւ հարց տուաւ՝ «Ի՞նչպէս պէտք է դիմագրաւել այդ փոթորիկները». պատասխանը կարելի է գտնել միայն Աւետարանին մէջ, Յիսուս Քրիստոսի մէջ, ըսաւ ան։ «Լեցուցէք ձեր կեանքը Աւետարանով։ Կը յորդորեմ ձեզ, որ ըլլաք հասարակութիւն մը, որ թոյլ կու տայ, որ Տէրը զինք օծէ Սուրբ Հոգւոյն իւղով։ Ան կը փոխակերպէ ամէն բան, կը նորոգէ ամէն բան, կը մխիթարէ բոլորը։ Յիսուսի մէջ մեզի կը տրուի Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը՝ կարենալ մերժելու այն բան որ մեզի կը վնասէ, եւ յոռեգոյն եւս՝ կը կորզէ մեր յոյսը։ Յիսուսի մէջ մեզի կը տրուի Սուրբ Հոգին, որ մեզ կը պահէ միացեալ. Յիսուսի մէջ Աստուած մեզ կը վերածէ հաւատացող հասարակութեան մը, որ ատակ է աջակցելու, որ յոյսը կը պահէ եւ կը պայքարի դժբախտութեան դէմ։»

Քարոզի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց դիմել Աստուածածնի, որ իր հովանիին տակ պահէ բոլորը եւ առաջնորդէ դէպի իր Որդին՝ Յիսուս։








All the contents on this site are copyrighted ©.