2018-01-20 10:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը Փուերթօ Մալտոնատոյի բնակչութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Փերու կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Փուերթօ Սան Տոնատոյի մէջ հանդիպում ունեցաւ տեղւոյն բնակչութեան հետ անոնց ուղղելով ողջոյնի խօսք մը որուն մէջ անոնց ներկայութիւնը նկատեց «Եկեղեցւոյ գեղեցիկ համապատկեր որ սահման չի ճանչնար եւ որուն մէջ բոլոր ժողովուրդները իրենց տեղը ունին». Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց  թէ «կարիքը կայ այսպիսի պահերու ուր կարող ենք իրարու հանդիպիլ, անկախ մեր ծագումէն, որպէսզի իրար քաջալերենք ու կեանք տանք հանդիպումի մշակոյթի մը որ կը նորոգուի յոյսին մէջ»։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած բարի գալուստի խօսքերուն ապա նշեց թէ այդ տարածաշրջանը կոչուած է «Մայր Աստուծոյ» եւ ակնարկեց Մարիամ Աստուածամօր, որ հեռու եւ մոռցուած մէկ գիւղին մէջ ընդունեցաւ ամենամեծ կոչումը զոր մարդ արարած մը կարող է փորձարկել՝ «դառնալ Աստուծոյ Մայրը» - ըսաւ Քահանայապետը ու աւելցուց «Դուք, Մարիամին մէջ ունիք  ոչ միայն օրինակ ու վկայ մը, այլ ունիք նաեւ Մայր մը եւ այնտեղ ուր կայ մայր մը կարելի չէ մենք մեզ որբ զգալ եւ ասոր համար ձեզի կ՛ուզեմ ըսել որ այս հողը որբ չէ, այս հողը Մօր հողն է ու եթէ Մայր մը կայ, կան նաեւ զաւակներ, կայ ընտանիք կայ հասարակութիւն»։

Ֆրանչիսկոս Պապա մատնանշեց ապա թէ Մօր ներկայութեան հանդերձ հարցերը չեն անհետանար սակայն, ըսաւ Ան, «վստահաբար կարող ենք քաջութիւնը գտնել զանոնք դիմագրաւելու» ու մատնանշեց անոնց որոնք կը փորձեն այս հողն ու տարածաշրջանը  դարձնել անանուն եւ անպտուղ դարձնել, զայն շահագործելով ու զայն նկատելով պարզապէս «մնացորդ» մը։

«Մնացորդի մշակոյթը, մշակոյթ մըն է որ կը բացառէ ու կը փորձէ լռութեան մատնել, անտեսելով եւ մերժելով ամէն բաները որոնք չեն ծառայեր սեփական շահերուն։«  Այդ մշակոյթը առանց մօր մշակոյթ մըն է եւ ուրիշ բան չի փնտռեր եթէ ոչ սպառողականութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով թէ այդ մշակոյթին դիմողները կը շահագործեն  հողը, անտարները, գէտերը, առուակները ու կը շահագործեն նաեւ անհատները զանոնք ապա լքելով   իրենց ճակատագիրն։

Քահանայապետը հուսկ շեշտը դրաւ մարդավաճառութեան հարցին վրայ, ինչպէս նաեւ նոր ստրկութիւններու երեւոյթին վրայ՝ աշխատանքի ստրկութիւն, սեռային ստրկութիւն, ու շահի ստրկութիւն, ըսաւ Ան ու ցաւ յայտնեց ի տես այն իրականութեան թէ այդ շրջանի մէջ բազմաթիւ կիներ անտեսուած են, անարգուած ու թիրախ անվերջ բռնութիւններու։ «Կարելի չէ բնականոն դարձնել կիներու դէմ բռնութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը  դատապարտելով կիներու արժանապատուութեան ոտնակոխումը ու ակնարկելով այն բազմաթիւ կիներուն որոնք Ամազոնեան շրջան փոխադրուեցան, տուն, հող ու աշխատանքի փնտռտուքով։

Ֆրանչիսկոս պապ անդրադարձաւ նաեւ կաշառակերութեան ախտին, հաստատելով թէ կեղծ աստուածները, ագահութեան, դրամի ու իշխանութեան կուռքերը ամէն ինչ կը կաշառեն։ Կը կաշառեն անհատները, իշխանութիւնները ու կը կործանեն նաեւ անտարները։  Յիսուս կ՛ըսէր թէ կան սատանաներ որոնց վտարումը կը պահանջէ շատ աղօթք։ Այս մէկը անոնցմէ մին է - ըսաւ Սրբազան Պապը ու քաջալերեց ներկաները շարունակելու իրենց պայքարը   յաղթահարելու համար այդ իրավիճակը եւ այնպէս ընել որ մեկնելով իրենց հաւատքէն կազմակերպուին որպէս հասարակութիւն մը որ կ՛ապրի Յիսուսին շուրջ, «որովհետեւ անկեղծ աղօթքի ու Քրիստոսի հետ յոյսով լի հանդիպումէն է որ կարող ենք ընկալել ապաշխարութիւնը որ մեզի կը բացայայտէ իսկական, ճշմարիտ կեանքը» ըսաւ Սրբազան Պապը որ խօսքին աւարտին հաստատեց «Ես յոյս ունիմ ձեր վրայ, բոլոր այն անձերուն վրայ որոնք օրհնուած կեանք մը կը փնտռեն։ Դուք եկած էք զայն գտնելու այստեղ։ Սիրեցէք այս հողը, զայն ձերը նկատեցէք։ շնչեցէք անոր օդը, մտիկ ըրէք անոր ձային։ Սիրահարուեցէք այս Աստուծոյ Մայր հողին ու յանձնառու եղէք զայն պահպանելու եւ պաշտպանելու» թելադրեց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ այդ հողը գործածել  որպէս գանձ մը, զոր պէտք է բազմապատկել ու փոխանցել ապագայ սերունդներուն։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր Մայրական հովանին ապա հրաւիրեց միասին աղօթել «ողջոյն քեզ մարիամ» աղօթքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.