2018-01-20 10:09:00

Պոլսոյ մէջ քայլարշաւ՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան տարելիցին նուիրուած


ՊՈԼԻՍ, «Ազատութիւն».- Յունուար 19ին, «Ակօս»ի հիմնադիր եւ նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցին օրը, անգամ մը եւս Տինքի յիշատակին նուիրուած քայլարաշ մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ եւ անոր մասնակիցները հաւաքուեցան Տինքի սպանութեան վայրը:

Տինքի սպանութեան պահը խորհրդանշող ժամուն, Թուրքիոյ տարբեր ծայրերէն հայ, թուրք, քիւրտ գործիչներ, մտաւորականներ, լրագրողներ եւ արդարութիւն պահանջողներ հաւաքուեցան «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան դիմաց՝ ոգեկոչելով Տինքի յիշատակը եւ պահանջելով ոճրագործներուն բացայայտումն ու դատապարտումը։

Տինքի մահուան 11րդ տարելիցին ընդառաջ, Պոլսոյ կարգ մը թաղամասերու մէջ կախուեցան յիշատակի պաստառներ: Նման նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած էր Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը: Անոր տեղադրած եռալեզու պաստառին վրայ գրուած էր նաեւ հայերէնով՝ «Քեզ պիտի չմոռնանք» գրութիւնը: Պաստառը տեղադրուած է Տինքի սպանութեան վայրը:

Տինքի մահուան տարելիցին առիթով յատուկ յայտարարութիւններ ըրին Թուրքիոյ մէջ գործող շարք մը հայ, թուրք եւ քիւրտ մտաւորականներ, գիտնականներ ու գործիչներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր ուժը համարուող քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը՝ կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի գլխաւորութեամբ:

Հրանդ Տինք սպաննուեցաւ 2007ի Յունուար 19ին, Պոլսոյ Շիշլի թաղամասը գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ՝ 16ամեայ թուրք ազգայնամոլ Օկիւն Սամասթի արձակած կրակոցով: Տինքի սպանութեան վերաբերեալ դատավարութիւնը կ՛երկարի աւելի քան 10 տարիէ ի վեր եւ տակաւին չէ գտած իր հանգուցալուծումը:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր եւ քրտամէտ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Կարօ Փայլան մէկ օր առաջ խորհրդարանին մէջ անդրադարձած էր Տինքի սպանութեան եւ իր ելոյթի աւարտին հայերէնով ըսած էր. «Աստուած հոգիդ լուսաւորէ: Շա՛տ ապրիս, Հրանդ»: Յատկանշական է, որ խորհրդարանի արձանագրութիւններուն մէջ Փայլանի հայերէն խօսքերուն փոխարէն միայն X նշանը դրուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.