2018-01-19 17:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Փերուի Ամազոնեան շրջանի բնիկներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) 18 Յունուար 2018-ի Տեղական ժամով 17.20-ին (Հռոմի Ժամով 23.20), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտելէ ետք Չիլիի այցելութիւնը, 2 ժամ 10 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք հասաւ Փերուի մայրաքաղաք Լիմայի միջազգային օդակայան ուր դիմաւորուեցաւ Երկրին նախագահի ու Եկեղեցական եւ քաղաքական բարձրաստիճան իշխանութիւններու կողմէ։

Պաշտօնական բարի գալուստի արարողութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Լիմայի առաքելական նուիրակութեան պալատ ուր գիշերեց։

Նորին Սրբութեան առաքելական միջազգային 22-րդ  ճամբորդութեան երկրորդ փուլի պաշտօնական հանդիպումներու յայտագիրը սկիզբ առաւ 19 յունուար 2018-ի առաւօտեան, երբ Նորին Սրբութիւնը Լիմայէն փոխադրուեցաւ «Փուերթօ Մալտոնատօ» քաղաք ուր ժամանեց տեղական ժամով 10.15-ին (Հռոմի ժամով 16.15) ու փոխադրուեցաւ քաղաքի «Coliseo Madre de Dios» մարզահամալիր եւ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով համալարի շրջանը կատարելէ ետք հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած Ամազոնեան շրջանի տարբեր ժողովուրդներու 4 հազար անդամներուն հետ։

 «Փուերթօ Մալտոնատօ» առաքելական փոխանորդի բարի գալուստի եւ ամազոնեան տարածաշրջանի երկու ներկայացուցիչներու վկայութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ տեղական բարբառներով թարգմանուած Քահանայապետի «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի յանձման արարողութիւնը որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամը ուղղեց ներկաներուն։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այստեղ ձեր հետ միասին սրտէս թող բխի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի երգը «Գովեալ ըլլաս Տէր»։ Այ՛ո գովեալ ըլլաս դուն՝ մեզի պարգեւած այս հանդիպումին համար» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով Ամազոնեան շրջանի բնակիչներուն ու մէկիկ մէկիկ նշելով այդ շրջանի ժողովուրդներուն անունները, որոնց պատուիրակութիւնները ներկայ էին հանդիպումին։ 

Սրբազան Քահանայապետը ապա յայտնեց թէ ինք մեծապէս ուզած է սոյն հանդիպումը իրականացնել, ակնարկելով այդ ժողովուրդներուն իմաստութեան ու հողի ու միջավայրի նկատմամբ տածած հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ այդ ժողովուրդներուն դիմագրաւած սպառնալիքին ու ապրած դժուարութիւններուն, անոնց վստահեցնելով Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու թիկունքը ու հաստատելով թէ «Մենք պէտք է կոտրենք պատմական հոլովոյթը, որը Ամազոնեան տարածքը կը համարէ  պետութիւններու անսպառ շտեմարան, առանց հաշուի առնելու անոր բնակիչները»եւ այս առընչութեամբ անհրաժեշտ  նկատեց «միջ-մշակութային երկխօսութիւնը» յարգելու համար մշակոյթը,  լեզուն, աւանդութիւնները, իրաւունքներն ու հոգեւորականութիւնը։

Քահանայապետը մատնանշեց ապա այն իրականութեան որ Ամազոնեան տարածքի հողերը յանձնուին ամազոնեան ժողովուրդներու խնամատարութեան ու այնտեղէն բխած բնական հարստութիւնները տրամադրուին այդ բնիկ ժողովուրդներուն ու անոնց ընտանիքներուն, կեանքի աւելի նպաստաւոր պայմաններու համար։

«Դուք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կենդանի յիշատակն էք Աստուծոյ մեզի բոլորիս վստահած առաքելութեան, այն է խնամք տանիլ մեր հասարակաց տան», ապա մատնանշեց բնիկ ժողովուրդներուն դիմագրաւած հարցերուն յատկապէս հայող բնապահպանութեան որ կը սպառնայ անոնց կեանքին ու գոյատեւումին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա կոչ ուղղեց ճանչնալու այդ ժողովուրդներու գոյատեւումի իրաւունքը, յարգելու անոնց պատմութիւնն ու աւանդութիւնները ու բարելաւելու անոնց կեանքի պայմանները, առանց սակայն խախտելու անոնց բնականոն կեանքը։ 

«Ամազոնեան շրջանը մշակոյթի շտեմարան մըն է որ պէտք է պաշտպանուի նոր գաղութատիրութիւններու  հոսքէն։ Ընտանիքը եղած է եւ է ընկերային համակարգը որ կենդանի պահեց այդ շրջանի մշակոյթը, հանդիսանալով նաեւ կեանքի լաւագոյն պաշտպանը»  ըսաւ Քահանայապետը ու յորդորեց միշտ մտիկ ընել տարեցներուն որոնք ունին այն իմաստութիւնը՝ որով կարելի է բացայայտել կեանքին էականը, ապա մէջբերեց ներկայացուած վկայութիւններէն հետեւեալ խօսքը «մենք կը փափաքինք որ մեր զաւակները ուսանին, սակայն չենք ուզեր որ դպրոցները բնաջնջեն մեր աւանդութիւնները, մեր լեզուն եւ չենք ուզեր մոռացումի ենթարկել մեր հինաւուրց իմաստութիւնները»։

«Կրթութիւնը մեզ կ՛օգնէ կամուրջներ կառուցելու եւ մշակելու հանդիպումի մշակոյթ մը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ բնիկ ժողովուրդներու դաստիարակութիւնը պէտք է ըլլայ պետութեան յանձնառումի առաջնահերթութիւնը, ապա հրաւիրեց եպիսկոպոսները՝ շարունակելու իրենց գործունէութիւն ու խթանելու միջ մշակութային դաստիարակութիւն՝ դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա գնահատեց բնիկ ժողովուրդներու երիտասարդներու ջանքերը որոնք արուեստի միջոցաւ եւս աշխարհին ցոյց կու տան իրենց մշակոյթի գեղեցկութիւնն ու հարստութիւնը ու հրաւիրեց բնիկները չի վարանելու ու աշխարհին պատմելու եւ յայտնելու իրենց ինքնութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը եզրափակեց հաստատելով թէ Եկեղեցին կ՛ուզէ մօտիկ ըլլալ ամազոնեան շրջանի բնիկներուն։ Մենք պէտք ունինք, ըսաւ Ան,բնիկ ժողովուրդներուն ու խնդրեց որ անոնք օգնեն եպիսկոպոսներուն ու միսիոնարներուն որպէսզի միանան անոնց ու  միասնաբար կարողանան ձեւաւորել Եկեղեցի մը՝ ամազոնեան ու բնիկ ժողովուրդներու դիմագիծով։ Ասոր համար է որ ուզեցի Ամազոնեան տարածաշրջանի մասին սիւնհոդոսը գումարել 2019-ին, յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ քաջալերելով ներկաները քաջութեամբ դիմագրաւելու պատմութեան մարտահրաւէրները, ապա վստահեցուց թէ ինք կ՛աղօթէ անոնց համար, Աստուծմէ օրհնուած իրենց երկրին համար, ու ինչպէս միշտ խնդրեց որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։

Նշենք թէ բնիկ ժողովուրդներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Փերուի  բնակչութեան հետ անոնց եւս ուղղելով սրտի խօսքը։

Տեղական ժամով 12.15-ին (Հռոմի ժամով երեկոյեան 6.15-ին) Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ  «HOGAR PRINCIPITO» մանկական կեդրոնը  ուր հանդիպում կ՛ունենայ այնտեղ խնամուած մանուկներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը ապա կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի Ամազոնեան տարածաշրջանի բնիկները ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ, հուսկ 14.20 անց (Հռոմի ժամով 20.20 անց) հրաժեշտ առնելով Փուերթօ Մալտոնատոյէն վերադարձ կը կատարէ Լիմա ուր կը ժամանէ 16.10 անց ու կը փոխադրուի Կառավարութեան պալատ ուր 16.45-ին (Հռոմի ժամով 22.45) նախատեսուած է հանդիպում երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, ինչպէս նաեւ առանձնական հանդիպում մը՝Փերուի նախագահ Տիար Փետրօ Փապլօ Քուչինսքիի ու անոր ընտանեկան անդամներուն հետ, որմէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Սան Փետրօ Եկեղեցի ուր հանդիպում կ՛ունենայ  Յիսուսեան Միաբանութեան իր եղբայրակիցներուն հետ, վերջ տալով Փերուի առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտագիրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.