2018-01-19 09:08:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պսակի խորհուրդը մատակարարեց օդանաւին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Քահանայապետ մը սուրբ պսակը մատակարարեց օդանաւի մէջ։ Արդարեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, 18 յունուարին, Չիլի կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Սնաթիակոյէն դէպի Իքիքէ թռիչքի ընթացքին, սուրբ պսակի խորհուրդը մատակարարեց Լաթամ օդանաւային ընկերութեան ուղեկցորդներ ՝ 39 ամեայ Փաոլա Փոտեսթա Ռոյզի եւ 41 ամեայ Քարլոս Քուֆֆանտօ Էլորիակային։ Զոյգը որ արդեն պետական ամուսնութիւն կատարած էր 2010-ին, փափաք ունէր նաեւ սուրբ պսակը կատարել եկեղեցւոյ մէջ, սակայն 2010-ին Չիլին հարուածող հուժկու երկրաշարժին պատճառով  չէին կարողացած իրականացնել իրենց այդ երազը։

Քահանայապետը զոյգին պատմութիւնը ունկնդրելէ ետք որոշած է տեղւոյն վրայ կատարել սուրբ պսակը։

Պսակի փաստաթուղթին մէջ գրուած է «18 յունուար 2018-ին, Սանթիակոյէն Ւքիքէ Քահանայապետական թռիչքի ժամանակ, Տիար Քարլոս Քուֆֆանտօ Էլորիակայ եւ Տիկ Փաոլա Փոտեսթա Ռոյզ  պսակուեցան ի ներկայութեան կնքահօր՝ Տիար Ինիացիօ Քուէթոյի. Ֆրանչիսկոս Պապ վկայեց անոնց ամուսնութիւնը»։ Այս պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը պսակադրութիւն կը կատարէ օդանաւին մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.