2018-01-19 09:36:00

Չիլի առաքելական ճամբորդութիւն. Ֆրանչիսկոս Պապ օգնութեան կը փութայ ձիէն ինկած զինուորին։


(Ռատիօ Վատիկան) Իքիքէ քաղաքին մէջ մատուցած սուրբ պատարագէն ետք, դէպի Լուրտի Տիրամայր սրբավայր ուղեւորութեան ընթացքին, մինչ հազարաւոր հաւատացեալներ ճամբաներու եզերքը համախմբուած կ՛ողջունէին Քահանայապետին անցքը, երիտասարդ ձիաւոր իգական սեռի պատկան զինուոր մը ձիին խրտչեցումին պատճառաւ վառ ինկաւ ձիէն. Ի տես պատահածին Սրբազան Քահանայապետը անմիջապէս կանգնեցուց զինք փոխադրող ինքնաշարժը եւ ինքնաշարժէն վար իջնելով փութաց անոր օգնութեան, հրամայելով իրեն ընկերացող բժիշկներուն որ շտապ օգնութիւն մատուցեն երիտասարդ զինուորուհիին։ Քահանայապետը զինուորին մօտը մնաց մինչեւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժի ժամանումը։ Զինուորը բարեբախտաբար մարմնական վնաս չի կռեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.