2018-01-19 08:36:00

11 Տարիէ ի վեր արդարութիւն եւ խիղճ կը փնտռենք, բայց չենք գտներ. Անթալիոյ Նահանգապետ։


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- «Ակօս» թերթի հիմնադիր- խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան 11րդ տարելիցին առիթով, Անթալիոյ նահանգապետ Ֆաթմա Քայաօղլու հրապարակած է գրաւոր յայտարարութիւն մը. այս մասին կը գրէ «Պիրկիւն» թերթը։

Քայաօղլու կը նշէ. «Հրանդ Տինքի սպանութենէն անցաւ 11 տարի: Մեր եղբայրը ո՛չ միայն հայ էր, այլեւ՝ քիւրտ, թուրք, լազ, պոսնիացի, վրացի, ասորի, արաբ, քրիստոնեայ, իսլամ, եզիտի, ալաուի: Ան կը կրէր ժողովուրդներու համերաշխութեան համընդհանուր բարութիւնը»։

Նահանգապետը կը գրէ նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ազգայնական դրսեւորումները յաճախ կը հանդիսանան օրինական երեւոյթ, իսկ ազգայնամոլներու յարձակումները կ՛որակուին «ժողովուրդի բնական արձագանգ»:

«Եւ ահա այդ ազգայնականութեան զոհը դարձաւ Տինքը», շեշտած է ան:

«11 տարիէ ի վեր արդարութիւն եւ խիղճ կը փնտռենք, բայց չե՛նք գտներ: 11 տարի է կը դիմենք դատաիրաւական համակարգին, կառավարութեան, խորհրդարանին, սակայն արդիւնք չկայ: 11 տարի է մենք փողոցի վրայ կը խօսինք ա՛յն մարդասպաններուն մասին, որոնք կանգնած են սպանութեան ետին, սակայն անոնք մեզ չեն լսեր: Հրանդը սպաննողներուն եւ անոնց աջակիցներուն անգամ մը եւս կը յիշեցնենք. դուք այլեւս չէք կրնար իրականացնել նման սպանութիւն: Այս հողերուն վրայ դեռ կ՛ապրին Հրանդներ եւ անշուշտ պիտի շարունակեն ապրիլ», ըսած է Անթալիոյ նահանգապետը:

Յիշեցնենք, որ Տինք սպաննուած էր 2007ի Յունուար 19ին: 2012ին, դատարանի որոշումով՝ Տինքի սպանութեան կազմակերպիչ Եասին Հայալը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, իսկ սպանութիւնը իրականացուցած Օկիւն Սամասթը դատապարտուեցաւ 22 տարուան բանտարկութեան: 2014ին, Պոլսոյ ծանր յանցանքներու դատարանը որոշեց Տինքի սպանութեան գործը վերաքննել:








All the contents on this site are copyrighted ©.