2018-01-18 16:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ գլխաւորեց Չիլիի ճամբորդութեան եզրափակիչ Սուրբ պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Առաքելական ճամբորդութեան չորրորդ օրը՝ Հինգշաբթի 18 յունուարին, Սրբազան Քահանայապետը նախ քան առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ փուլ՝ Փերու մեկնիլը, այցելեց  Չիլիի «Iquique» քաղաքը ուր ժամանեց տեղական ժամով 10.35-ին (Հռոմի ժամով 14.35)։

Սրբազան Հայրը «Iquique» քաղաքի օդակայան ժամանելէն անմիջապէս ետք ուղղուեցաւ «Campus Lobito» տարածք ուր մատուցեց ճամբորդութեան առաջին փուլի եզրափակիչ սուրբ պատարագը ի պատիւ «Virgen del carmen»ի ու նուիրուած ժողովուրդներուն ներգրաւումին, որուն առթիւ նաեւ թագադրութիւնը կատարեց «Virgen del carmen» Տիրամօր արձանին։

«Iquique» քաղաքի  «Campus Lobito» տարածքին վրայ՝  մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց Յիսուսի առաջին հրաշքը՝ Կանայի մէջ (Յովհ Բ. 11)։

Յիսուս իր առաջին հրաշքը կը գործէ խնճոյքի մը ժամանակ։ Աւետարանը արդարեւ յարատեւ հրաւէր է՝ ուրախութեան։ Արդէն սկիզբէն՝ հրեշտակը Մարիամի աւետեց ըսելով՝ «ուրախ լեր» (Ղուկ Ա. 28)։ Նոյն կոչը ուղղուեցաւ հովիւներուն, Եղիսաբեթին եւ վերջապէս աջակողմեան աւազակին (հմմտ Ղուկ ԻԳ. 43) - ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ Աւետարանի պատգամը ուրախութեան աղբիւր է, ինչպէս կը կարդանք նաեւ Յովհաննէս Աւետարանիչի մօտ, ուր Յիսուս կʼըսէ՝ «այս բաները ձեզի ըսի, որպէս զի իմ ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ եւ ձեր ուրախութիւնը ըլլայ կատարեալ» (Յովհ ԺԵ. 11)։

Սրբազան Հայրը յիշեց, թէ ինչպէս Չիլիի ժողովուրդը գիտէ կեանքը ապրիլ ուրախութեան եւ տօնախմբումի մթնոլորտի մէջ, գնահատելով ժողովուրդին այդ կեցուածքը։ Ապա ուշադրութիւն դարձուց Աստուածածնի, որ Կանայի հրաշքին խնճոյքին մէջ ունեցաւ իր դերը։

Մարիամ լուռ չի մնար, Յիսուսի կ՛ուղղէ խօսքը՝ «գինի չունին» եւ ապա ծառաներուն՝ «ըրէ՛ք, այն ինչ որ ըսէ ձեզի»։ Սակաւ են Աստուածածնի խօսքերը, սակայն գործնական - ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ «Ան կը մօտենայ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ կ՛ըսէ՝ «ըրէ՛ք, այն ինչ որ ըսէ ձեզի»։

Տիրամայրը ճանապարհ կը բանայ Յիսուսի առաջին հրաշքին։ Այսպէս, մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրուած է՝ մասնակցելու ուրիշներու համար կատարուած հրաշքին։

Պէտք է մենք ալ Մարիամէն սորվինք՝ ըլլալ ուշադիր ուրիշներու կարիքներուն, եւ չվախնանք մեր ձայնը լսելի դարձնելէ՝ «գինի չունին»։

Աստուծոյ ժողովուրդին աղաղակը մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ ուշադիր՝ երբ կը տեսնենք անարդարութիւն, չարաշահումի նոր ձեւեր, գաղթականներու չարաշահում, բնակարանէ եւ աշխատանքէ զրկում, ուր մեր եղբայրները կը կորսնցնեն տօնախմբելու իրենց ուրախութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ հարսանիքի խնճոյքին ծառաներուն նման բերենք այն ինչ որ ունինք, եթէ նոյնիսկ քիչ է։ Անոնց նման՝ չվախնանք ձեռք երկարելէ, մեր զօրակցութիւնը ցուցաբերելէ։

Վերջապէս, թոյլ տանք, որ Յիսուս կարենայ ամբողջացնել հրաշքը՝ փոխակերպելով մեր հասարակութիւնները եւ մեր սրտերը, որպէս զի ըլլանք կենդանի նշաններ Իր ներկայութեան, որ լի է ուրախութեամբ ու զուարթութեամբ՝ որովհետեւ Ան մեր հետն է։ Ուրախութիւն մը, որ չի թոյլատրեր որ ոեւէ մէկը դուրս ձգենք Աւետիսէն - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով թէ Մարիամ կը շարունակէ իր որդւոյն ականջներուն փսփսալ՝ «գինի չունին», իսկ մեր մէջ կը մարմնացնէ իր խօսքերը՝ «ըրէ՛ք, այն ինչ որ ըսէ ձեզի»։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.