2018-01-18 00:30:00

Համալսարանը պէտք է որդեգրէ «երկխօսութեան քերականութիւն մը». Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 17 Յունուար 2018-ին, Սրբազան Քահանայապետը Սանթիակոյէն փոխադրուեցաւ Թեմուքօ քաղաք ուր առաւօտեան 10.30-ին Սուրբ պատարագ մատոյց «Maquehue» օդակայանին մէջ, ապա՝ “Madre de la Santa Cruz” կեդրոնին մէջ կէսօրուայ ճաշը բաժնեկցելէ ետք Aracaunia-ի բնակիչներուն հետ վերադարձ կատարեց Սանթիակօ՝ ու երեկոյեան՝ «Maipu» Սրբավայրին մէջ հանդիպեցաւ երկրին երիտասարդներուն հետ, անոնց ուղղելով իր պատգամը հուսկ այցելեց  Չիլէի Կաթողիկէ Քահանայապետական համալսարանը այնտեղ եւս արտասանելով ճառ մը։

Համալսարանը ունի 130 տարուան գոյութիւն, որ սերտօրէն առընչուած է Չիլէի պատմութեան հետ։ Սրբազան Հայրը անդրադառնալով համալսարանի տնօրէնի խօսքին՝ թէ «Մեր հայրենիքին նկատմամբ ունինք կարեւոր մարտահրաւէրներ, որոնք կապուած են ազգային համակեցութեան եւ համայնքով յառաջանալու կարողութեան» մանրամասնօրէն խորացաւ «ազգային համակեցութեան» հարցին մէջ, որ ըլլալով մարտահրաւէր, մեզմէ կը պահանջէ վերատեսել մեր կեցուածքը – ըսաւ Ան, դիտել դալով թէ այս իմաստով, համալսարանը պէտք է որդեգրէ «երկխօսութեան քերականութիւն մը», որ կը կազմաւորէ անհատներու միջեւ մերձեցումը ։

Պէտք է մարդիկ դաստիարակուին՝ կարենալ իրականացնելու համար այս համակեցութիւնը –ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Պէտք է իրագործուի համապարփակ «տառուսուցում» մը, զանազան «լեզուներու» ներգրաւումով, որ կը կազմաւորեն անհատը, այսինքն՝ դաստիարակել բանականութիւնը, զգացումները եւ արարքները։

Այս ընթացքը պիտի զարգացնէ ուսանողները անհատական եւ միաժամանակ ընկերային մակարդակի վրայ։ Այլապէս այսպիսի դաստիարակումի մը պակասը պիտի առաջնորդէ անհատական շահագրգռութիւններու եւ բազմաբեկոր, ընդդիմամարտ եւ վայրագ կեանքի մը։

Սրբազան Հայրը ուղերձի երկրորդ կէտին մէջ անդրադարձաւ «համայնքով յառաջանալ»ու հարցին։ Ան կարեւոր նկատեց այս կեցուածքը՝ ուսումնական այս կենդրոնին մէջ, ուր կ՛ընդլայնի ուսանողին հորիզոնը։ Սակայն ներկայի մշակոյթը կը պահանջէ, որ բոլոր դերակատարները միասնաբար կեանք տան ընկերային եւ ուսումնական իրականութեան։

Համալսարանական հասարակութիւնը պէտք է դիմագրաւէ մարտահրաւէրները եւ պէտք չէ մնայ մեկուսացած։ Պէտք է ստեղծուի համագործութիւն մը՝ դատողութեան եւ գործելու, մտածումի եւ զգացումի, ճանչնալու եւ ապրելու, մասնագիտութեան եւ ծառայութեան միջեւ – յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ «Գիտութիւնը միշտ պէտք է ծառայէ կեանքին»։

Համալսարանը կը վերածուի երկրի ապագայի աշխատանոցին, որովհետեւ գիտէ իր մէջ ներգրաւել ժողովուրդի կեանքը եւ երթը, գերազանցելով գիտութիւն իւրացնելու հակամարտային եւ ընտրանիութեան տրամաբանութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շեշտեց, թէ համալսարանի յանձնուած առաքելութիւնը մարգարէաշունչ է։ «Դուք կոչուած էք, ըսաւ ան, արարել հոլովոյթներ, որոնք կը լուսաւորեն այժմու մշակոյթը առաջարկելով նորոգեալ մարդկայնութիւն մը, որ կը խուսափի սայթաքելէ նուազեցումի որեւէ ձեւի մէջ։ Այս մարգարէութիւնը, որ մեզմէ կը պահանջուի, մեզ կը մղէ փնտռելու միշտ երկխօսութեան նոր վայրեր՝ եւ ոչ հեռացումի եւ բաժանումի։

Եւ եթէ խնդրէք, կասկած չունիմ, որ Սուրբ Հոգին պիտի առաջնորդէ ձեր քայլերը՝ որպէսզի այս Տունը շարունակէ պտղաբերել՝ Չիլէի ժողովուրդի բարիքին եւ Աստուծոյ փառքին համար» - ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր ճառը։








All the contents on this site are copyrighted ©.