2018-01-18 09:54:00

«Քու աջդ ով Տէր փառաւորեալ է զօրութեամբ (Ելք 15,6)» 2018 –ի Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարի՝ 18 Յունուարէն մինչեւ 25 յունուար, աշխարհի համայն եկեղեցիներու մէջ, կը նշուի քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի ութօրէքը, որուն ընթացքին քրիստոնեայ աշխարհը աղօթքներ կը բարձրացնէ առ Աստուած` հայցելու համար քրիստոնեաներու միութիւնը։

Ամէն տարի այս շաբթուայ ընթացքին կ՛ընտրուի յատուկ աղօթքի խորհրդածութեան նիւթ մը եւ 2018-ի խորհրդածութեան նիւթը ներշնչուած է Ելից գիրքէն «Քու աջդ ով Տէր փառաւորեալ է զօրութեամբ (Ելք 15,6)» մինչ  խորհրդածութիւններու շարքը պատրաստած են Քրիստոնեաներու միութեան խթանումի Քահանայապետական խորհուրդը եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «հաւատք եւ սահմանադրութիւն» յանձնախումբը։

Քրիստոնեաներու միութեան շաբթուայ աղօթքի սովորութեան ծագումը վերագրուած է բողոքական եւ անկլիքան եկեղեցիներու պատկան երկու կղերականներու` անգլիացի Սփենսէր Ժոնսը եւ Ամերիկացի Փոլ Ժէյմս Ֆրանսիս Ուաթսոնը, որոնք 1907-ին սկիզբ տուած են սոյն աւանդութեան որ աւելի ուշ որդեգրուած է նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ եւ 1948-ին` ''Եկեղեցիներու միութենական խորհուրդի'' ստեղծումէն ետք ու դարձած է համամիութենական աղօթքի շաբաթ, որուն ընթացքին համայն քրիստոնեաները կ՛աղօթեն եկեղեցիներու միութեան ու անոնց դէպի Քրիստոս դարձին որպէսզի իրականացուի Յիսուսին «Հայր որպէսզի անոնք մի ըլլան» աղօթքը ։

Յունուար 18 եւ 25 թուականներու ընտրութիւնը ապա առաջարկած է վերապատուելի Փոլ Ուաթսոնը 1908-ին, նկատի առնելով Սուրբ Պետրոսի գահին տօնը` 18 յունուարին եւ Սուրբ Պօղոսի դարձի տօնը 25 Յունուարին։








All the contents on this site are copyrighted ©.