2018-01-17 10:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 17 յունուարին այցելած վայրերուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 17 յունուար 2018-ին,  Չիլի կատարած առաքելական Ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Թեմուքօ քաղաք՝ ուր ժամանակին կ՛ապրէր Մափուչէ բնիկ ժողովուրդը։ Նորին Սրբութիւնը Թեմուքոյի մէջ կ՝այցելէ  «Սանթա Քրուզի մայր« անուան իգակական սեռի դաստիարակչական կեդրոն ապա Սնաթիակօ վերադարձին կ՛այցելէ   Մայբուի Սրբավայրը: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ երկու վայրերուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ:

«Սանթա Քրուզի Մայր» անուան կեդրոնը

«Սանթա Քրուզի Մայր» անուան բնակարանը կը պատկանի Սուրբ Խաչ անուան մայրապետներու միաբանութեան, որ հիմնուած է Զուիցերիոյ «Մենծինկեն» քաղաքին մէջ: Միաբանութիւնը ներկայ է  նաեւ Եւրոպայի, Ասիոյ, հարաւային Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկիոյ զանազան երկիրներուն մէջ:  Սուրբ Խաչ մայրապետներու գլխաւոր առաքելութիւնն է դաստիարակութեան խթանումը՝  եկեղեցւոյ աւետարանումին ծիրէն ներս: Անոնք յատուկէն կը զբաղին գիւղական շրջաններու մէջ անուսեալ աղջիկներու դաստիարակութեամբ: Այս նպատակով է որ Չիլիի Թեմուքօ քաղաքին մէջ Սուրբ Խաչ միաբանութիւնը 1963-ին հիմնած է Սանթա Քրուզի  իգկական սեռի համար կեդրոն մը,  ուր  դաստիարակութիւն ու ուսում կը ստանան «Մայբուի» բնիկ ժողովուրդի աղքատ եւ անտէր աղջիկներ:

Տարիներու հոլովոյթին Սանթա Քրուզ դաստիարակչական կեդրոնը հարստացաւ այլ բաժանմունքներով:  Կեդրոնին մէջ կը դասաւանդուին զբօսաշրջութեան, կազդուրման յատուկ դասընթացքներ՝ համագործակցութեամբ Թեմուքոյի կաթողիկէ համալսարանին:

Մայբույի Սրբավայրը

Մայբույի սրբավայրը,  Չիլլի մէջ պատմական նշանաւոր պաշտամունքի վայր մըն է, որ կը գտնուի Սանթիակոյի հարաւը:

Սրբավայրը,  Չիլիի ժողովուրդին, Քարմինէ Տիրամօր սրբավայր կառուցելու ուխտին յիշատակումի վայրն է :Արդարեւ՝  1818-ին,  Չիլիի ժողովուրդը ուխտ կատարած է Տիրամօր, իրեն նուիրուած սրբավայր մը  կառուցելու միտումով, այն վայրին մէջ ուր պիտի կարենային  պարտութեան մատնել   սպանացիներու զօրագունդը:  1818-ին , Չլիին անկախութեան տարին՝մարտ 14-ին, Չիլիի ժողովուրդը  յարգեց իր խոստումն ու ուխտը,  Տիրամօր նուիրուած սրբավայր մը կառուցելով. Այս տարի՝ 2018-ին, մեծ հանդիսութիւններով եւ փառաւոր կերպով  կը նշուի սրբավայրի կառուցման 200 ամեակը,   ունենալով որպէս նիւթ «Քարմինէի Կոյս, Քու սրբավայրդ, մեր խոստումը»:

Նշենթ թէ Քարմինէ Տիրամօր սրբավայրը այցելած էր նաեւ ՅՊԲ քահանայապետը՝ 3 ապրիլ  1987-ին- եւ այս առթիւ երջանկայիշատակ Պապը սրբավայրին մէջ  Չիլիի ժողովուրդը յատուկ աղօթքով յանձնած էր Տիրամօր հովանիին: 








All the contents on this site are copyrighted ©.