2018-01-17 09:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Չիլիի մէջ հանդիպեցաւ քահանաներուն գործած չարաշահումներու զոհերուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրկ յայտարարեց թէ «Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սանթիակոյի առաքելական նուիրակութեան պալատին մէջ, հանդիպում ունեցաւ քահանաներու կողմէ սեռային չարաշահումներու թիրախ խումբ մը զոհերու հետ»։

Կրէ Պուրկ հաստատած է թէ «Հանդիպումը տեղի ունեցած է միայն Քահանայապետի ու զոհերու ներկայութեամբ որպէսզի անոնք կարողանան ազատօրէն պատմել իրենց ապրած տառապանքները։ Քահանայապետը մտիկ ըրած է անոնց ցաւալի պատմութիւններուն, ապա անոնց հետ միասին արտասուած ու աղօթած է»։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Չիլիի նախագահական պալատին մէջ արտասանած ճառին ընթացքին խոնարհաբար ներողութիւն խնդրած էր վերոնշեալ ցաւալի արարքներուն համար ու հրաւիրած էր յանձնառումով գործել՝ որպէսզի անոնք դարձեալ չի կրկնուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.