2018-01-17 22:00:00

Մայբույի սրբավայրին մօտ Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն ուղղած ճառը:


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 17 յունուար 2018-ին, Չիլիի ժամով յետմիջօրէին՝ 5,30ին, Իտալիոյ ժամով՝ երեկոյեան 9,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Սանթիակոյի հարաւը գտնուող, Մայբույի սրավայրը եւ հոն հանդիպում ունեցաւ հազարաւոր երիտասարդներուն հետ:

Հանդիպումին սկիզբը, կարգ մը երիտասարդներ վկայութիւններ տուին իրենց կեանքին մասին  ապա Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց երիտասարդներուն,  որուն սկիզբը ուրախութիւն յայտնեց Մայբույի Տիրամօր նուիրուած տաճարի տարածքին հանդիպելու անոնց՝ ուր, ըսաւ Սրբազան պապը,  «եղբայրական ողջագուրումով կառուցուեցաւ Չիլիի պատմութիւնը» եւ որ Չիլլի ժողովուրդին համար կը նկատուի որպէս բնակարան:

Նորին Սրբութիւնը  յարեց թէ Տիրամայրը  Չիլիի ժողովուրդին  ընկերացած է Չիլի ազգին ծնունդէն ի վեր՝ 200 տարիներ շարունակ ու թէ ան կը շարունակէ ընկերանալ  երիտասարդներուն՝ ազատութեան, ուրախութեան եւ աւելի լաւ ապագայի անոնց երազներուն, զոր   Աստուած դրոշմած է անոնց  սիրտերուն մէջ:   Տիրամայրը ձեզի կ՝ընկերանայ որպէսզի դառնաք դերակատարներ այն Չիլիին զոր ունիք ձեր սրտին մէջ ըսաւ Քահանայապետը ապա ակնարկեց իր  եպիսկոպոսական առաքելութեան.  որուն ընթացքին ըսաւ Ան անդրադրաձաւ թէ երիտասարդներուն սրտերուն եւ միտքերուն մէջ կան բազմաթիւ  գեղեցիկ գաղափարներ եւ  իտէալներ։  «Դուք անհանդարտ էք, իտէալներու ձգտողներ, որոնողներ» ըսաւ Քահանայապետը եւ զգուշացուց զանոնք կաշառակերութեան փորձանքէն  ու չի հետեւելու մեծերու գէշ օրինակին, այլ յառաջ ընթանալ իրենց երազներու ու ձգտումներու հիման վրայ ներելով անարդարարութիւնները։   

Սրբազան Հայրը ակնարկեց ապա երիտասարդներու նուիրուած եպիսկոպոսական  սիւնհոդոսին  հաստատելով, թէ ինք կ՛ուզէ ուղղակի օրէն ունկնդրել երիտասարդներու ձայնն ու առաջարկները ու թէ երիտասարդներուն հետ հանդիպումները ասոր կը ծառայեն։ Հանդիպումներ ուր երիտասարդներն են դերակատարները։ Կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ երիտասարդներ։ Որպէսզի մտիկ ընենք անոնց որովհետեւ կարեւոր է ձեր ձայնը լսելի ընել մինչ մեր պարտականութիւնն է ձեզ օգնել որպէսզի դուք հետեւողական ըլլաք ու ի գործ դնէք ձեր ըսածները։ Ասոր համար սակայն անհրաժեշտ է որ դուք խօսիք քաջութեամբ, ապա թէ ոչ մենք չենք կրնար ձեզ օգնել ըսաւ Քահանայապետը այս ծիրէն ներս ընդգծելով  եկեղեցւոյ  երիտասարդ դիմագիծ տալու կարեւորութիւնը ու հաստատելով թէ եկեղեցին  պէտք ունի երիտասարդներուն, պէտք ունի անոնց որպէսզի մեզ ցնցեն երբ կանգ առնենք ու մեզ օգնեն միշտ աւելի մօտիկ ըլլալու Յիսուսին։ ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով բջիջային հեռաձայններու ցանցային ազդանշանին խօսեցաւ հաւատքի ուղեւորութեան մասին դիտել տալով, որ առանց Յիսուսի հետ կապին՝ «ազդանշանին», մեր գաղափարները, երազները եւ հաւատքը կ՝անհետանան  ու տխրութեամբ կը լեցուինք:  Ան շեշտեց որ երիտասարդները երբեք պէտք չեն  մտածել որ տալիք բան մը չունին կամ ալ  կարիքը չունին ուրիշներուն  յիշեցնելով,  Սուրբ Հուրդատոյի խօսքը՝ որ կ՝ըսէ «սատանան է որ մեզ անպէտ, անարժէք զգալ կու տայ.  որպէսզի չի կարենանք ոչ մի  փոփոխութիւն կատարել,  եւ իրողութիւնները թողելու այնպէս ինչպէս որ են» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով,  որ բոլորս անհրաժեշտ եւ արժէքաւոր անձեր  ենք եւ բոլորս բան մը ունինք տալիք:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց երիտասարդները իրենց սրտերուն կրակը միշտ կենդանի պահել,   առաջնորդ ուեննալով Չիլիի Սուրբ Հուրտատոն, որ իր սիրտը   կը վառէր այն կրակով,  որ կարող է    սիրտը միշտ ուրախ պահել,  որովհետեւ Յիսուսն է այն կրակը,  որ կը բոցավառէ իրեն բոլոր  մօտեցողներուն կեանքը,  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ Յիսուս մեր սիրտն ու հաւատքին վառելանիւթն է,  ինչպէս նաեւ մեր աչքերուն կայծը եւ  այս մէկը համազօր է պատմութեան դերակատարները դառնալու, քանի՝ մենք բոլորս բացայայտած ենք,  թէ Յիսուս ուրախութեան եւ կեանքի աղբիւրն է: 

Պատմութեան դերակատարները կը դառնանք,  որովհետեւ կ՝ուզենք այդ կայծը փոխանցել մառած եւ մռայլ սրտերուն ու այն անձերուն որոնք մոռցած են յուսալու իմաստը – ըսաւ Քահանայապետը եւ աւելցուց - Պատմութեան դերակատարներ դառնալ կը նշանակէ կատարել ինչ որ Յիսուս կատարեց, հոն ուր որ ալ կը գտնուինք,  որուն հետ որ հանդիպինք։

Հետեւեցէք Սուրբ Հուրդատոյի «գաղտնաբառին» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով երիտասարդները այդ նախադասութիւնը արձանագրելու իրենց բջիջային հեռախօսներուն մէջ « Հուրդատոյի գաղտնաբարը պարզ է» ըսաւ Ան « Ւ՞նչ պիտի ընէր Յիսուս իմ տեղս»։ Այս հարցումը միշտ ի միտ ունենալու ենք եւ անոր համապատասխան վարուելու ենք յարեց Քահանայապետը այդ գաղտնաբարը, մեր սրտին վառելանիւթն է, ան կը վառէ մեր հաւատքը, ու մեր աչքերու կայծը դառնալու համար պատմութեան դերակատարները։ 

Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց երիտասարդները նմանելու բարի սամարացիին՝ հանդիպելու  բարեկամներուն եւ բոլոր անծանօթ եւ դժուարութեան մէջ գտնուող անձերուն, զանոնք միայնակ չի թողելով.։

Եղէք Զակքէոսի նման որ իր նիւթապաշտ սիրտը փոխեց զայն դարձնելով զօրակից սիրտ մը, նմանեցէք Մագդաղենացի երիտասարդուհիին, որ սիրոյ որոնումի սիրահարը եղած է եւ որ լոկ Յիսուսի  մէջ գտած էր այն պատասխանները որոնց կարիքը ունէր» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տալով որ , ուր որ ալ երթան՝ նոյնիսկ անապատին մէջ միշտ պիտի գտնեն ուժի լարումի աղբիւրը,  որ է Յիսուս:  Ան ապա ճառը աւարտեց հրաւիրելով երիտասարդները ունենալու Մարիամի տրամադրութիւնը ուրախութեան «մեծացուցէն» արտասանելու ու կատարելու Աստուծոյ կամքը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.