2018-01-17 08:33:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս կը մասնակցի Երուսաղէմի մասին Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին


Երեքշաբթի, 16 յունուարին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ` մասնակցելու Երուսաղէմի հարցին շուրջ Ազհարի կազմակերպած միջազգային համագումարին: Վեհափառ հայրապետին կ՛ընկերանան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Համագումարը տեղի կ՛ունենայ նախագահութեամբ Եգիպտոսի եւ Պաղեստինի նախագահներուն ու մասնակցութեամբ կրօնական, պետական եւ քաղաքական բարձրաստիճան պատասխանատուներու:

Համագումարի առաջին նիստին խօսք պիտի առնէ վեհափառ հայրապետը:

Ազհարը սիւննի իսլամ համայնքի միջազգային կեդրոնը կը նկատուի եւ կրօնական ու բարոյական մեծ վարկ կը վայելէ իսլամական աշխարհին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.