2018-01-16 22:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ուղղուած Չիլիի կղերական դասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 16 յունուարին, տեղական ժամանակով 15.40-ի (Հռոմի ժամով 19.40) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Չիլէ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս յատուկ այցելութիւն տուաւ Սանթիակոյի իգական բանտին, որմէ ետք՝ Սանթիակոյի Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Երկրին կղերական դասին, նորընծաներուն ու կրօնաւորներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը  որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ «կոչումի» վրայ ու այդ կոչումին «Ահաւասիկ եմ Տէր» պատասխանին, հաստատելով թէ կոչումը թէեւ առանձնական կոչ  է սահմանուած է մաս դառնալու աւելի մեծ հասարակութեան։

Խօսելով Յիսուսին յարութենէն ետք, Անոր  Տիբերական ծովու մօտ աշակերտներուն  յայտնուելու մասին  ու մեկնելով Յիսուսի խաչելութենէն ետք աշակերտներուն ապրած վախի, սարսափի ու կորստեան իրավիճակէն, Սրբազան Քահանայապետը,  ուզեց առաջին քրիստոնէական հասարակութեան իրավիճակը ներկայացնել որպէս օրինակ նաեւ Չիլիի ապրած քրիստոնեայ հասարակութեան դժուարութիւններուն։

«Չիլիի մէջ եւս քահանայական ու կրօնաւորական կեանքը ապրեցաւ ու տակաւին կ՛ապրի անձկութեան պահեր, ուր նաեւ աճեցաւ չարին մոլախոտը, անոր յառաջացուցած գայթակղութիւններով» ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Կարդինալ Էցցաթիին խօսքերը, ապա ակնարկեց Չիլիի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած մանկամոլութեան հարցերուն, ու այդ արարքներուն պատճառած ցաւերուն ու չարիքներուն, ինչպէս նաեւ քիչերու յանցանքի պատճառաւ բոլորին վերապահուած նախատինքներուն, ու ներկաները հրաւիրեց դիմելու Աստուծոյ ու Անորմէ խնդրելու լուսամտութեան պարգեւը որպէսզի իրականութիւնը կոչենք իր անունով, ու քաջութիւնը ունենանք ներում հայցելու ու կարողութիւն ունենանք սորվելու եւ մտիկ ընելու Աստուծոյ ձայնին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց հուսկ աշխարհի արագընթաց փոփոխութիւններուն ու  Չիլիի ընկերութեան ապրած զարգացումներուն դիտել տալով թէ հարկաւոր է մեր աչքերը չի փակել ու նայիլ մեզ շրջապատող իրականութեան ու միշտ ի միտ ունենալ թէ Աւետարանը ապաշխարութեան ճանապարհորդութիւն մըն է ու թէ մեր պարտականութիւնն է բարի լուրը հռչակել։

Քահանայապետը  ակնարկեց հուսկ Սիմոն Պետրոսին որ դաւաճանած էր Վարդապետը զայն ուրանալով երեք անգամ։ «Պետրոս եւս մեղաւոր մըն է բոլորին նման» ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով թէ մենք եւս որպէս աշակերտներ, որպէս Եկեղեցի, կարող ենք ապրիլ Պետրոսին փորձառութիւնը ու մատնանշեց աւետարանական հատուածին ուր Յիսուս՝ ճաշէն ետք, Պետրոսին հարց կու տայ. «Սիմոն՝ Որդի Յովհնանու, կը սիրե՞ս զիս ասոնցմէ աւելի»։ Յիսուս՝ Պետրոսի դաւաճանութեան դիմաց յանդիմանութեան կամ դատապարտումի բառեր չի գործածեր այլ անոր կը դիմէ սիրոյ մէկ հարցումով «կը սիրե՞ս զիս»։  Յիսուսին միակ իղձը՝ Պետրոսը փրկելն է։ Փրկել զայն մեղքի թակարդեն, այն վտանգէն որ Պետրոս իր դերութիւններու ու մարդկային տկարութիւններուն պատճառաւ, փակուի ինքնիր մէջ. Յիսւոս կ՛ուզէ Պետրոսը ձերբազատել տխրութենէն ու Անոր այդ հարցումը ուղղելով կը հրաւիրէ ունկնդրելու սեփական սրտի ձայնը, ու Պետրոս Յիսուսին կը պատասխանէ «Տէր դուն ամէն բան գիտես, գիտես նաեւ թէ քեզ կը սիրեմ» ու Յիսուս Պետրոսը կը վերահաստատէ իր առաքելութեան մէջ, վերջնականապէս կոչելով զինք արածելու համար իր ոչխարները։

«Ի՞նչն է որ Պետրոսը կը հզօրացնէ որպէս աշակերտ» հարց տուաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց «ողորմութեան ներգործութիւնը»։ Մեր մեղքերուն, մեր անկումներուն հանդերձ Յիսուս մեզ կը տեսնէ, մեզի կը մօտենայ ու մեզի կ՛երկարէ իր ձեռքը, մեզի տալով իր ողորմութիւնը - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց Յիսուսի վէրքերուն, հաստատելով թէ« վիրաւոր եկեղեցի մը կարող է հասկնալ նաեւ այսօրուայ աշխարհին վէրքերը, զանոնք իր վրայ առնել, զգալ զանոնք ու դարմանել։ Վէրքերով եկեղեցի մը ինքզինք կատարեալ չի համարեր,եւ որպէս կեդրոն կ՛ընտրէ միակը որ կարող է վէրքերը բուժել՝ Յիսուս Քրիստոս։

«Յիսուսին մէջ արդարեւ մեր վէրքերը դարմանուեցան։ Այդ վէրքերը մեզ աւելի զօրակից կը դարձնեն, մեզի կ՛օգնեն քանդելու համար այն պատերը զոր մեզ կը բանտարկեն առանձնաշնորհեալ վերաբերմունքի մէջ ու մեզ կը մղեն կառուցելու կամուրջներ ու ընթանալու դէպի Յիսուս Քրիստոսի նուիրած ողորմութեան ծարաւն ունեցող անհատները» յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով ունենալ ծառայական հոգի եւ խուսափիլ  երեւնալու քմահաճոյքէն։

Աստուծոյ Ժողովուրդը կարիքը չունի մեծաւորներու, ան կ՛ակնկալէ հովիւներ, օծեալներ, որոնք կը ճանչնան մերձեցումը, գիտեն ձեռք երկարել, գիտեն կանգ առնել գետին ինկած անհատին դիմաց եւ Յիսուսին նման գիտեն օգնել՝ դուրս գալու համար այն ամայացումէն զոր Հոգին կը թունաւորէ - ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ

Պետրոս  իր կեանքին մէջ փորձարկեց ոչ միայն իր մեղքին վէրքը, այլեւ իր մարդկային սահմանափակ կարողութիւններն ու տկարութիւնը, ապա անդրադարձաւ թէ Յիսուսին մէջ այդ վէրքերը կը դառնան Յարութեան ճանապարհ։  Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց՝ Պետրոսի նման, ընկճումի իրավիճակէն անցնիլ այլափոխուած ու ներուած իրավիճակի ու դառնալ ծառայական եկեղեցի մը բոլոր անոնց համար որոնք ընկճուած են.  Եկեղեցի մը որ գիտէ իր Տիրոջ ծառայել, անօթիին, բանտարկեալին, ծարաւին, անօթեւանին, մերկին ու հիւանդին մէջ, մեկնելով սրտի դարձէն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով միշտ վերադառնալ աղբիւրին՝ Աւետարանին, այնտեղէն քաղելով նորութիւնները ու թոյլ տալով որ Յիսուս վերանորոգէ մեր սրտերը։

Երկարաշունչ ճառին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ներկաները նորոգելու իրենց «Այոն» ու այս մէկը ընելու հիմնուելով Յիսուսի հայեացքին վրայ, ապա հայցեց «Քարմելօ» Տիրամօր հովանին ու ներկաներէն խնդրեց որ չմոռնան իրեն համար աղօթել։








All the contents on this site are copyrighted ©.