2018-01-16 21:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը Սանթիակոյի իգական սեռի բանտարկեալներուն:


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 16 յունուար 2017-ին, Չիլի կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, տեղական ժամով՝ յետմիջօրէին 4,00ին, Իտալիոյ ժամով երեկոյեան ՝8,00ին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Սանթիակոյի իգական սեռի բանտը՝ ուր դիմաւորուեցաւ բանտի զօրապետի եւ հինգ մատրանապետերուն կողմէ ապա բանտին մարզասրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ 500 բանտարկեալներուն հետ։

Հանդիպումի սկիզբը Նորին Սրբութեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց բանտին հովուական Խնամակալութեան պատասխանատու Քոյր Նելլի ու ապա իր կեանքին վկայութիւնը ներկայացուց  Ժանէթ անունով բանտարկեալ մը, հուսկ խօսք առաւ Սրբազան Քահանայապետը, որ իր ճառին սկիզբը ըսաւ «Ինծի համար կարեւոր է այս ժամանակը ձեր հետ կիսել, որպէսզի աւելի մօտիկ ըլլամ անթիւ այն եղբայրներուն,  որոնք ազատազրկուած են» ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Քոյր Նելլիին ու յատկապէս Ժանէթին, անոր տուած վկայութեան համար ուր հաստատած էր, թէ կեանքը միշտ յաղթական է մահուան վրայ ինչպէս նաեւ քաջութիւնը ունեցաւ ներողութիւն խնդրելու գործած չարիքներուն համար։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մէջբերեց Յիսուսին  հետեւեալ խօսքը  «ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ »(Յովհ 8, 7)  դիտել տալով թէ Ան մեզ կը հրաւիրէ հրաժարելու բարիներու եւ քէշերու միջեւ բաժանումի  տրամաբանութենէն,  մուտք գործելու համար  համար այն ուժականութեան մէջ որ կարող է դիւրաբեկութիւնը, սահմանափակումներն ու նաեւ մեղքը  որդեգրել,  որպէսզի մեզ օգնէ յառաջ ընթանալու։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերուն վրայ՝ մայր, զաւակներ եւ ծաղիկներ:

Խօսելով մայրութեան մասին, բանտարկեալներուն ըսաւ «ձեզմէ շատերը քաջ գիտեն ինչ կը նշանակէ կեանք տալ:  Մայրութիւնը հարց չէ եւ երբեք հարց պիտի չի նկատուի, անիկա պարգեւ մըն է, ամենէն հրաշալի պարգեւներէն մին, զոր կարող էք ունենալ» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ ազատազրկութեան,  նշելով թէ ազատազրկութինը  հոմանիշը  չէ  յոյսերու եւ երազներու կորուստին:  Ազատազրկութիւնը չի նշանակեր արժանապատուութենէ զուրկ ըլլայ ըսաւ Սրբազան Հայրը  ու հրաւիրեց պայքար մղել այն գաղափարախօսութիւններուն դէմ ուր կ՝ըսուին,  թէ կարելի չի փոփոխութիւն կատարել, կամ  ամէն արդիւնք միեւնոյն կը նկատեն: 

«Պայքարի միջոցաւ՝ լաւագոյն ապագայի  համար ամէն ջանք  միշտ պտուղ պիտի տայ եւ ձեզ պիտի վարձատրէ»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա անցաւ   երկրորդ բառին՝ զաւակներ , հաստատելով որ զաւակները  ուժ,  յոյս եւ խթան կը համարուին: Զաւակները կենդանի յիշատակն են այն իրողութեան. որ կեանքը կը կառուցուի առջեւ նայելով եւ ոչ թէ ետեւ:

Սրբազան Քահանայապետը ապա  բանտարկեալները  հրաւիրեց միշտ հորիզոնին նայիլ. դէպի ընկերութեան՝ սովորական կեանքի մէջ ներմուծում: 

Վերջապէս Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ ծաղիկներու  մասին նշելով, թէ կեանքը  կը ծաղկի. կեանքը կարող է մեզի շնորհել իր ամէնէն մեծ գեղեցկութիւնը այն ժամանակ երբ կարող ենք միասնաբար աշխատիլ՝ մէկը միւսին հետ միասին. այնպէս մը ընել,  որ կեանքը միշտ յաղթական ու զօրեղ ըլլայ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա օրհնեց ու ողջունեց բանտին պաշտօնեաները,  կամաւորները, անձնակազմը,  յատուկէն բանտին պատասխանատուները, ոստիկաններն ու անոնց բոլորին ընտանիքները ապա բոլորին ապահովեցուց իր աղօթքը յիշեցնելով, որ   անոնք ունին դժուար եւ խրթին պարտականութիւն մը եւ այս առնչութեամբ յոյս յայտնեց, որ  երկրին իշխանութիւնները անոնց ապահովեն  անհրաժեշտ պայմանները իրենց գործը կատարելու արժանապատուութեամբ ընդգծելով որ արժանապատուութիւնը  կը ծնի արժանապատուութիւն:  

 

Նորին Սրբութիւնը ճառը աւարտեց  հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը բանտարկեալներու ու անոնց սիրելիներուն համար ու ապա նշեց թէ  բանտարկեալներուն կողմէ իրեն նուիրուած ծաղիկները՝ իրենց անունով պիտի ընծայէ Տիրամօր:








All the contents on this site are copyrighted ©.