2018-01-16 22:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Չիլիի եպիսկոպոսներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չիլի կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս երեքշաբթի 16 յունուարի յետմիջօրէին, Սրբազան Քահանայապետը Սանթիակաոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ աւանդատան մէջ,  հանդիպում ունեցաւ նաեւ Չիլիի եպիսկոպոսներուն հետ։

Անոնց արտասանած խօսքին մէջ, Քահանայապետը նախ ակնարկեց եպիսկոպոսներուն անցեալ տարի կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան, այսօրուան հանդիպումը նկատելով փոխադարձ այցելութիւն, ապա ուրախութիւն յայտնեց որ եպիսկոպոսներուն հետ կը հանդիպի, Չիլիի կղերական դասին, կրօնաւորներուն ու կրօնաւորուհիներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, որովհետեւ, ըսաւ Քահանայապետը, մեր առաջին պարտականութիւնն է մօտիկ ըլլալ մեր քահանաներուն։

«Եթէ Հովիւը կորսուի, կը կորսուին նաեւ ոչխարները ու թիրախ կը դառնան գայլին» յարեց Սրբազան Պապը շեշտը դնելով Եպիսկոպոսի «հայրութեան» վրայ, որ նմանելու է Սուրբ Յովսէփի հայրութեան. Հայրութիւն մը որ պէտք է օգնէ աճեցնելու ու զարգացնելու խարիզմները զոր Սուրբ Հոգին կը զեղու քահանաներուն վրայ, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ ընկերութիւնը յուզող որոշ հարցերու մասին ու յատկապէս «որբութեան» հարցին՝ այսինքն  ոչ մէկու պատկանելու այդ զգացումը՝ որ կարող է նաեւ դառնալ մեր կղերին զգացումը, անոնց մոռնալ տալով թէ մենք մաս ենք Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին եւ ոչ թէ Եկեղեցւոյ  ընտրուած առանձնաշնորհեալ անձեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա զգուշացուց  «կղերապաշտութեան» փորձութենէն ու հրաւիրեց ներկաները հսկելու՝ որպէսզի կղերի անդամները ու նորընծաները, խուսափին կղերապաշտութեան փորձութենէն, թելադրելով այս ուղղութեամբ պատշաճ  կազմաւորում որպէսզի նորընծաները՝ ապագայի քահանաները կարող ըլլան ծառայութիւն մատուցելու Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին որպէս Քրիստոսի պատգամաւորներ։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց եպիսկոպոսները հայցելու Սուրբ Հոգիին շնորհքը, որ կարող է ամէն բան փոխակերպել, աշխատելու համար  միսիոներական ու մարգարէական տարբերակով,  այնպէս, որ սովորութիւնները, ոճերը, ժամանակացոյցը, լեզուն եւ իւրաքանչիւր եկեղեցական կառոյց՝ դառնայ Չիլիի աւետարանութեան յարմար գործիք, ապա հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանին ու հրաւիրեց միասին աղօթել քահանաներուն  ու Աստուծոյ սուրբ եւ հաւատարիմ ժողովուրդդին համար։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.