2018-01-16 11:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Սանթիակոյի մէջ այցելած վայրերուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 16 յունուար 2017-ին, Ֆրանչսիկոս Պապ Սանթիակօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս կ՝այցելէ 3 վայրեր: Ստորեւ  կը ներկայացնենք սոյն վայերու մասին հակիրճ տեղեկութիւններ:  

Սանթիակոյին «Փողերանոց»ի կամ դրամի պալատը:

Սանթիակոյի  «Դրամի կամ փողերանոցի անուան պալատը, կառուցուած է 1805 թուականին ՝որ եղած է դրամահատութեան գործարան:  1846-ին, կառոյցը   վերանորոգութիւններու կ՝ենթարկուի եւ կը դառնայ նախագաhական պալատ: 

11 սեպտեմբեր 1973-ին,  Չիլէի օդային ուժերը Պալատը ռմբակոծելուն պատճառաւ, պալատին մեծ մասը կը կործանուի, ու պալատին մէջ կը մահանայ նաեւ Սալվատոր Ալլէնտ նախագահը:  Պալատի վերաշինութեան աշխատանքները  տեղի կ՛ունենան 1974 ին ու 1981-ին, անոր վերադրաձնելով 18-դարու սկզբնական ձեւը։

Սանթիակոյի  «Օ Հիկկինս» հանրային պարտէզը

Չիլիի հանրային պարտէզներու ամենէն մեծ երկրորդ պարտէզը կր կրէ Չիլէի հիմնադիր հայրերէն մէկուն  «Օ Հոկկինս» անունը: Ան կը գտնուի քաղաքին կեդրոնը եւ ունի 770 հազար մք տարածք: Նախապէս տարածքը գործածուած է որպէս ռազմական վայր։  Օ Հիկկինս» հանրային պարտէզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ 22-րդ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին մատուցած պատարագբներըն առաջինը նուիրուած «խաղաղութեան ւ եւ արդարութաեն» ։ Տարածքը կարող է պարունակել մինչեւ 600 հազար անձ։

Սանթիակոյի Իգական սեռի բանտը

Սանթիակոյի Ւգական սեռի բանտը նուիրուած է «Սուրբ Ժոաքինին»։ 1964էն մինչեւ 1996 բանտի հոգաբարձութիւնը, կառավարութեան կամքով, յանձնուած է  Բարի Հովիւ միաբանութեան մայրապետներուն։ Այսօր բանտին մէջ արգելափակուած են 1400 բանտարկեալներ։ Սուրբ Ժոագին բանտին մէջ արգելափակուածներուն թիւը՝ համեմատութեան Չիլէի բոլոր բանտերուն կը հաշուէ 45 առ հարիւրը։

 Սանթիակոյի աթոռանիստ եկեղեցին։

Սանթիակոյի Սուրբ Կոյս Մարիամ վերափոխման մայր տաճարը կը գտնուի Արմաս անուան հրապարակին վրայ,  անիկա արդիւնքն է դարերու հոլովոյթին,  զանազան շինարարական իրար յաջորդ աշխատանքներուն:

Տաճարին շինարարական աշխատանքները սկիզբ առած են 1600 թուականին,  ապա երկրաշարժներու հետեւանքով կրած է ծանր վնասներ ապա  ենթարկուած է վերանորոգումի աշխատանքներու։

Տաճարի օծումը կատարուած է 1775-ին: 21 մային 1840-ին- Գրիգոր ԺԶ քահանայապետ  Սանթիակոյի եկեղեցին կը հռչակէ Մայր տաճար:  

Նշենք,  թէ 2016-ին օգոստոս ամսոյն,  ողորմութեան յոբելենական արտակարգ տարւոյն առիթով, տաճարը մէկ օրուայ համար վերածուեցաւ աղքատներու համար սեղանատուն՝ թեմի արքեպիսկոպոս՝ կարդինալ Ռիքարտօ Էզզաթի Անտրելլոյի հրամանով: Նոյնը կրկնուեցաւ նաեւ 2017ին օգոստոս ամսոյն մէջ։

Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի Չիլիի կղերական դասին եւ ապա եպիսկոպոսներուն հետ

Սան Ալպերթօ Հուրդատոյի սրբավայրը

Չիլիի Սան Ալպերթօ Հուրդատոյի սրբավայրը  կը կրէ Յիսուսեան սուրբին անունը,  որ հիմնադիրը եղած է  «գաղթականներու հիւրընկալութեան» կեդրոնի մը։ Սուրբ Հուդատօ իր մահկանացուն կնքած է 51 տարեկանին 1952 թուականին, ծանր հիւանդութեան մը պատճառաւ։ Երանի հռչակուած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով՝ 14 հոկտեմբեր 1994ին,  մինչ սուրբերու շարքին դասուած է Պենտիկոս ԺԶ կողմէ 23 հոկտեմբեր 2005-ին ։ Սրբավայրի բացումը կատարուած է 1995-ին։ Այնտեղ պահուած են նաեւ սուրբին մասունքները ինչպէս նաեւ սուրբին պատկանող մի քանի իրեր որոնց շարքին նաեւ «կանաչ փոխադրակառքը» որով Սուրբ Ալպերթոն օգնութիւններ կը փոխադրէր գաղթականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.