2018-01-16 10:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապը ժամանեց Չիլի։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 15 յունուարի երեկոյեան՝ տեղական ժամով 19.15 անց (Հռոմի ժամով 23.15), Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ժամանեց Չիլէի մայրաքաղաք՝ Սանթիակոյի  օդակայան ուր «փրոթոքոլային» բարի գալուստի արարողութենէն ետք փոխադրուեցաւ՝ Սանթիակոյի առաքելական նուիրակութեան պալատ։

Վատիկանէն չմեկնած Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Մարթայի իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ՝ մահացու արկածի մը զոհ՝ Հռոմէացի երիտասարդ  աղջնակի մը ծնողներուն հետ, մինչ իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ ունեցած հակիրճ հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մտավախութիւն յայտնեց՝ միջուկային պատերազմի մը ծագումի նկատմամբ։

Սանթիակոյի օդակայանէն դէպի Առաքելական Պատուիրակութեան պալատ փոխադրուելու ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը ուզեց հանգրուան կատարել Սան Լուի Պելդրան սուրբին նուիրուած ժողովրդապետութեան մօտ, այնտեղ պահ մը ամփոփուելով աղքատներու եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Էնրիքէ Ալվէար Ուրրութիայի շիրիմին առջեւ, հուսկ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով ուղղուեցաւ առաքելական պատուիրակութեան պալատ մինչ ճամբաներու վրայ հազարաւոր Չիլիցիներ զինք կը դիմաւորէին մեծ խանդավառութեամբ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.