2018-01-16 11:11:00

Պաղտատի մէջ երկու իրերայաջորդ պայթումներ պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր


Իրաքի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ երէկ առաւօտեան մայրաքաղաք Պաղտատի կեդրոնը գտնուող Թայարան հրապարակին վրայ երկու իրերայաջորդ պայթումներ կատարուած են:

Իրաքի ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր հազարապետ-զօրավար Սաատ Մաան յայտնեց, որ երկու անձեր իրենք զիրենք պայթեցուցած են: Անձնասպանական գործողութիւններուն պատճառով արձանագրուած է 26 զոհ եւ 90 վիրաւոր:

Ապահովական ուժերը պայթումէն անմիջապէս ետք դէպքի վայրին շուրջ ապահովական գօտի մը ստեղծած են եւ սկսած հետաքննութեան, ինչպէս նաեւ դէպքի վայրին շուրջ խուզարկումներու ձեռնարկած` մեկնելով երրորդ անձնասպանական գործողութեան մը գոյութեան մտավախութենէն:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.