2018-01-15 08:20:00

«Կը խնդրեմ ինծի ընկերանալ աղօթքով» Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ Չիլի։


(Ռատիօ Վատիկան) «Ձեզմէ կը խնդրեմ որ ինծի ընկերանաք աղօթքով՝ Չիլի եւ Փերու կատարելիք ճամբորդութեանս». Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 15 յունուարի առաւօտեան կանուխ հրապարակած թուիթը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրեն ընկերանան՝ այսօր սկիզբ առած առաքելական 22-րդ առաքելական ճամբորդութեան, որ զինք կ՛առաջնորդէ նախ Չիլի ապա Փերու։ 

Նորին Սրբութիւնը անցեալ շաբաթ օր երեկոյեան, սովորութեան համաձայն, այցելած էր «Սանթա Մարիա Մաճճորէ» Պազիլիքան Տիրամօր հովանիին յանձնելու համար վերոնշեալ միջազգային ճամբորդութիւնը իսկ երէկ՝ Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին հաւատացեալներէն խնդրած էր որ իրեն ընկերանան աղօթքով։

«Խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ» եւ «միացած յոյսի մէջ» բնաբաններով Չիլի եւ Փերու առաքելական ճամբորդութիւնը սկիզբ առաւ երկուշաբթի 15 յունուար 2018-ի առաւօտեան, երբ Նորին Սրբութիւնը հրաժեշտ առնելով Վատիկանէն ուղղուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան որտեղէն, իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին, ժամը 8.55-ին, մեկնեցաւ  դէպի Չիլէի մայրաքաղաք՝ Սանթիակօ, ուր ժամանումը նախատեսուած է 15 ժամ 40 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք՝ տեղական ժամով 20.10 անց (Հռոմի ժամով 00.10)։

Սանթիակոյի օդակայան ժամանելուն՝ Ֆրանչիսկոս Պապ  կը դիմաւորուի երկրին նախագահ՝ Տիկին Միշել Պաշըլէէն, Սանթիակոյի արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Ռիքարտօ Էցցաթիէն ու Չիլէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ՝ գերապայծառ Սանթիակօ Սիլվա Ռեթամալէսի կողմէ,  քաղաքական ու եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ, ու բարի գալուստի պաշտօնական արարողակարգէն ետք  Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Սանթիակոյի առաքելական նուիրակութեան պալատ, որ Չիլէ կեցութեան ընթացքին կը հանդիսանայ Քահանայապետական նստավայր։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.