2018-01-12 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը. Հրաւէր հանդիպելու Աստուծոյ ու եղբայրներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Աստուծոյ եւ եղբայրներու հետ հանդիպումը չի կրնար համակերպիլ մեր դանդաղութեան ու ծուլութեան.  հրաւէրը այսօրուայ համար է»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ուրբաթ 12 յունուարին հրապարակած թուիթը, որուն մէջ Ան հրաւէր կ՛ուղղէ հանդիպելու մեր եղբայրներուն ու Աստուծոյ հետ, թելադրելով այդ հանդիպման պահը չի յետաձգել ուրիշ օրուայ, որովհետեւ, կ՛ընդգծէ Սրբազան Պապը, հրաւէրը որ մեզի ուղղուած է հրատապ է, այսօրուայ համար է։








All the contents on this site are copyrighted ©.