2018-01-12 12:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 12 յունուարի քարոզը «Քրիստոնէական աղօթքը քաջարի է եւ հաւատքէն կը ծնի»


(Ռատիօ Վատիկան) «Դժուարութիւնները յաղթահարելու համար պէտք է Յիսուսին նկատմամբ հաւատք եւ քաջութիւն  ունենալ ինչպէս ըրին բազմաթիւ սուրբեր»:  Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը:

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը, զոր երեկուայ նման՝ քաղուած էր Մարկոսի աւետարանէն,  ուր  կը խօսուի   Յիսուսի կատարած  հրաշքներուն մասին՝ բուժելով անդամալոյծ մը ու բորոտ մը, Նորին Սրբութիւնը  դիտել տուաւ որ երկու  հիւանդներն ալ  զօրաւոր հաւատքով Յիսուսին աղօթեցին, այնուհետեւ «մենք ալ  երբ  Տիրոջ մօտենանք՝ բան մը խնդրելու համար,  պէտք ենք մեկնիլ միեւնոյն զօրաւոր հաւատքէն եւ զայն կատարել հաւատքով »– ըսաւ Քահանայապետ,  ակնարկելով ապա աղօթքի ձեւի մասին ու յորդորելով  «թութակի նման եւ առանց հետաքրքրութեան» աղօթք չի կատարել, այլ Տիրոջմէ հայցել  որ  «օգնէ  մեզի մեր թերահաւատութեան համար» նոյնիսկ դժուարութիւններուն դիմաց։

Քահանայապետը ապա դիտել տալով որ աւետարանին  մէջ բազմաթիւ են այն դրուագները՝  ուր կը խօսուի կարիքաւոր անձերու Տիրոջ մօտենալու մտադրութեամբ  դիմագրաւուած դժուարութիւններուն, ինչպէս եղաւ պարագան անդամալոյծին որ առաստաղէն վար իջեցուցին որպէսզի Տիրոջ հանդիպի, հրաւիրեց օրինակ առնել անոնցմէ քաջալերելով պայքարիլ Տիրոջ հասնելու համար, եւ ընդգծելով թէ հաւատք ունենալու համար հարկաւոր է քաջութիւն ունենալ,   պէտք է գիտնալ համբերել ու երբեք չյուսահատիլ – ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պպա  օրինակ բերելով  Սուրբ Օգոստինոսի մայրը՝  Սրբուհի Մոնիքան, որ  շատ աղօթեց եւ ողբաց իր որդիին դարձի գալուն  համար, ու այդ իր աղօթքին շնորհիւ ընդունեց շնորհքը։

Ան քաջութիւնը ունեցաւ դիմադրելու ու յարատեւութեամբ աղօթելու ըսաւ Քահանայապետը հաստատելով թէ «երբ աղօթքը քաջութեամբ չէ կատարուած,  քրիստոնէական աղօթք չէ» ապա նշեց թէ Քրիստոնէական աղօթքը կը ծնի Յիսուսին վրայ հաւատքէն ու այդ հաւատքի միջոցաւ  կը մղուի դժուարութիւններէն անդին։ 

Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց հաստատելով թէ հաւատք կը նշանակէ ամէն ինչ կատարել ընդունելու համար մեր խնդրած շնորհքը ապա  մէջբերեց Յիսուսին  խօսքը «խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի» ու յորդորեց միշտ յիշել այդ խօսքը, Անոր վստահիլ հաւատքով:  Այս քրիստոնէական հաւատքին ունեցած քաջութիւնը  «երբ աղօթքը քաջութեամբ չէ կատարուած,  քրիստոնէական չէ» վերահաստատեց Ֆրանչիսկոս պապ եզրափակելով խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.