2018-01-12 08:13:00

«Սուրբ Երկրի եպիսկոպոսներու համակարգում»ի տարեկան հանդիպումը՝ Սուրբ Երկրի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) 13-էն - 18 յունուար 2018-ին, Երուսաղեմի մէջ տեղի կ'ունենայ «Holy land Coordination-Սուրբ երկրի Եպիսկոպոսներու համակարգում» 2018  տարուան հանդիպումը: 

Եպիսկոպոսներու վերոնշեալ «համակարգումը» հիմնուած է 1990 թուականին՝ Սուրբ Աթոռի կամքով, ու կազմուած է համայն Եւրոպայէն, Հիւսիսային Ամերիկայէն եւ  հարաւային Ափրիկէէն բարձրաստիճան կղերականներէ, որպէս նպատակ ունենալով՝  աջակցիլ Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն

Այս տարի «Սուրբ Երկրի եպիսկոպոսներու  համակարգում»ի  15 եպիսկոպոսները, 13 յունուարի երեկոյեան՝  Երուսաղէմի մէջ կը գումարեն  իրենց ժողովը,  որմէ ետք  անոնք կը մեկնին «Կազա» ուր  հանդիպում կ՝ունենան  տեղական քրիստոնեայ հասարակութիւններուն հետ:

Սուրբ Երկրի եպիսկոպոսներու  համակարգում»ի,  այս տարուան ժողովին կեդրոնական նիւթն է  «երիտասարդները»,  անոնց բոլոր սպասումները, դժուարութիւններն ու յոյսերը՝ ապրուած  բախումներու միջավայրի մը մէջ:

Նախատեսուած է նաեւ. որ եպիսկոպոսները  ժողով գումարեն Պաղեստինի  եւ Իսրայէլի սահմանագիծին մօտ,  արեւմտեան դիւանագէտներու հետ

«Սուրբ Երկրի եպիսկոպոսներու համակարգում» ի 2018 տարուան հանդիպումի օրակարգի  կարեւոր պահերէն մին կը համարուի ուխտագնացութիւնը՝ որուն  ընթացքին Եպիսկոպոսները  խմբային եւ անհատական այցելութիըններ  կը կատարեն  կաթողիկէ հասարակութիւններուն ինչպէս նաեւ  քաղաքական անձնաւորութիւններուն:  

Նիստերու աւարտին, եպիսկոպոսները իրենց քաղաքները  վերադարձին,  հանդիպումներ  կ՝ունենան տեղական  պետական անձնաւորութիւններու հետ, Իսրայէլի  եւ պաղեստինի դեսպաններուն հետ, ինչպէս նաեւ լրատուական աշխարհի հետ, անոնց փոխանցելու  եւ տեղեկացնելու համար Սուրբ երկրի քրիստոնեաներու  դիմագրաւած հարցերն ու դժուարութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.