ԵԱՀԿ-ը պիտի շարունակէ աջակցիլ ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման համար Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին: Այս մասին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդին մէջ յայտարարած է ԵԱՀԿ-ի նոր գործող նախագահ, Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ` ներկայացնելով 2018-ին ԵԱՀԿ-ի նախագահութեան ծիրին մէջ իր երկրին առաջնահերթութիւնները:
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղին, մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին` տագնապի լուծման ծիրին մէջ», ըսած է ԵԱՀԿ-ի նախագահը:
Ալֆանօ նշած է, որ ԵԱՀԿ-ի չլուծուած տագնապներուն վերաբերեալ դիրքորոշումը պիտի մնայ անփոփոխ, եւ այդ հարցերը պիտի մնան կազմակերպութեան ուշադրութեան կեդրոնը:
«Ձգձգուած» տագնապներու լուծումը պիտի շարունակէ մնալ կազմակերպութեան ուշադրութեան կեդրոնը», ըսած է ան:
Նշենք, որ այս տարուան 1 յունուարէն ԵԱՀԿ-ին կը նախագահէ Իտալիան:
All the contents on this site are copyrighted ©. |