2018-01-11 13:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 11 յունուարի թուիթը. «տառապիլ, տանջուողին հետ»։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 11 յունուար 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն մէջ յորդորեց տառապիլ ցաւի մէջ գտնուող եղբօրը հետ, անկախ անոր կրօնային, մշակութային  պատկանելիութենէն, ապա թելադրեց թէ հակառակ պարագային  հարցականի տակ առնելու ենք  մեր մարդկային էութիւնը:    

«Ան որ չի տառապիր տանջուող եղբօրը հետ, նոյնիսկ եթէ տարբեր է անորմէ կրօնքով, լեզուով եւ մշակոյթով, պէտք է  հարցաքննէ իր մարդկութիւնը» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.