2018-01-11 09:30:00

Կարդինալ Փարոլինի զրոյցը՝ հայող Ֆրանչիսկոս Պապին 2018 տարուան. երիտասարդներ եւ ընտանիք։


(Ռատիօ Վատիկան) Առաջիկայ առաքելական ճամբորդութիւնը՝ Չիլէ եւ Փերու, երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսը, ընտանիքներու համաշխարհային հաւաքը Տուպլինի մէջ ապա «Սիրոյ ուրախութիւն» շրջաբերականը ու Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումներու գործընթացը, առանցքը կազմեցին Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի «Vaticannews»  Վատիկանի լրատուական սպասարկութեան  հետ ունեցած զրոյցին։

Պետական Քարտուղարը նախ ընդգծեց Եկեղեցւոյ՝ երիտասարդներուն հանդէպ ուշադրութիւնն ու անոնցմէ ակնկալելիք  սպասումները, անոնց նուիրուած սիւնհոդոսի լոյսին տակ, որ պիտի կայանայ Հոկտեմբեր ամսոյն մէջ։ «2018ն պիտի յատկանշուի երիտասարդներուն նկատմամբ Եկեղեցւոյ յատուկ ուշադրութեամբ՝ ներառեալ անոնց ձգտումներուն, անոնց դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն, ու անոնց յոյսերուն, վախերուն ու տկարութիւններուն» ըսաւ կարդինալ Փարոլին մատնանշելով թէ այս ծիրէն ներս նորութիւնը այն է՝ թէ Եկեղեցին կ՛ուզէ նոր ուղի եւ մօտեցում մը որոնել երիտասարդներուն հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու համար։ Եկեղեցին կ՛ուզէ երկխօսութեան մէջ մտնել երիտասարդական իրականութեան հետ, հասկնալ զանոնք, օգնել երիտասարդները, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին վերյիշելով Քենետի նախագահին մէկ խօսքը «հարց մի տաք թէ ի՛նչ կարող է ընել ձեզի համար երկիրը, այլ հարց տուէք դուք ի՞նչ կարող էք եւ ի՞նչ պարտական էք ընելու երկրին», նշեց թէ այս է նաեւ Եկեղեցւոյ մօտեցումը։ Եկեղեցին, Քահանայապետը, երիտասարդներուն կը հարցնեն թէ ի՞նչ կարող են ընել իրենց Եկեղեցւոյ համար, ի՞նչպէս կարող են սատարել աւետարանի տարածումին՝ այսօր։ «Ես վստահ եմ որ երիտասարդները իրենց վեհանձնութեամբ եւ իրենց գորովով պիտի կարենան արդար պատասխան տալ այդ հրաւէրին» ըսաւ Կարդինալ Փարոլին որ անդրադառնալով Տուպլինի մէջ նշուելիք ընտանիքի համաշխարհային հաւաքին եւ Քահանայապետի «Սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականին, մատնանշեց  Ֆրանչիսկոս Պապին առաջարկած նոր տեսութեան ու նոր ընթացքին, որ՝ ըսաւ Պետական Քարտուղարը, քննարկումի առիթ է, տրուած ըլլալով որ ամէն մէկ փոփոխութիւն իր հետ կը բերէ նաեւ դժականութիւններ զոր պէտք է դիմագրաւել ու անոնց տալ պատշաճ պատասխաններ  որոնք աճումի ու զարգացումի առիթ կը հանդիսանան։ «Սիրոյ ուրախութիւնը» շրջաբերականը  կ՛ուզէ ըլլալ Եկեղեցւոյ ողջագուրումը ընտանիքին եւ անոր այսօրուայ ապրած տագնապներուն, օգնելու համար ընտանիքը որպէսզի կարենայ իրապէս ապրիլ Աւետարանը։

Ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով սկիզբ առած  Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումներուն, կարդինալ Փարոլին ընդգծեց թէ բարեկարգումները չեն հայիր միայն նոր մարմիններու ստեղծումին կամ նոր օրէնքներու սահմանումին այլ անոնց հոգին կը մնայ քրիստոնէական կեանքի հիմնական ուղղութիւնը՝ այսինքն «դարձը՝ ապաշխարութիւնը», որպէսզի Քուրիան կարողանայ օգնել Քահանայապետին՝ Աւետարանը լաւապէս հռչակելու եւ զայն վկայելու այսօրուայ աշխարհին։

Զրոյցի աւարտին Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ առաքելական ճամբորդութեան, մատնանշելով այդ ճամբորդութեան երկու յատկանիշներուն. Քահանայապետին հանդիպումը բնիկ ժողովուրդներուն հետ ի տես Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած 2019-ին կայանալիք սիւնհոդոսին. Ապա կաշառակերութեան դէմ պայքարը. կաշառակերութիւնը որ արգելք կը հանդիսանայ զարգացումին ու աղքատութեան վերացումին։ «Քահանայապետին Զիլէ եւ Փերու կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը՝ ըստ իս ոգեւորիչ ճամբորդութիւն մը պիտի ըլլայ» հաստատեց Կարդինալ Փարոլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.